Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհուած է «Արցախի Հերոս» բարձրագոյն կոչում

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեանը մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար զօրավար-հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում: «Սա առաջին հերթին մեր բանակի հերոսական պայքարի գնահատականն է. այն պայքարի, որ, պատերազմի առաջին իսկ օրէն սկսած, կը մղեն թէ՛ հրամանատարներու կազմը, թէ՛ բոլոր ստորաբաժանումները` ցուցաբերելով աշխարհի ամենաբարձր արհեստավարժութիւնն ու նուիրուածութիւնը: Ջալալ Յարութիւնեանը մեր հերոսն է, եւ անոր օրինակով մենք պէտք է սերունդներ դաստիարակենք: Շնորհակալութիւն, պարոն զօրավար: Պատի՛ւ ունիմ»է,- յայտարարած է Արայիկ Յարութիւնեան: Ան տեղեկացուցած է, որ Ջալալ Յարութիւնեանի առողջութիւնը, բժիշկներու հաւաստմամբ, շուտով կը վերականգնուի: Ան ապաքինման փուլի
28 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհուած է «Արցախի Հերոս» բարձրագոյն կոչում

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեանը մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար զօրավար-հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում:

«Սա առաջին հերթին մեր բանակի հերոսական պայքարի գնահատականն է. այն պայքարի, որ, պատերազմի առաջին իսկ օրէն սկսած, կը մղեն թէ՛ հրամանատարներու կազմը, թէ՛ բոլոր ստորաբաժանումները` ցուցաբերելով աշխարհի ամենաբարձր արհեստավարժութիւնն ու նուիրուածութիւնը: Ջալալ Յարութիւնեանը մեր հերոսն է, եւ անոր օրինակով մենք պէտք է սերունդներ դաստիարակենք: Շնորհակալութիւն, պարոն զօրավար: Պատի՛ւ ունիմ»է,- յայտարարած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ Ջալալ Յարութիւնեանի առողջութիւնը, բժիշկներու հաւաստմամբ, շուտով կը վերականգնուի: Ան ապաքինման փուլի մէջ է եւ շուտով պիտի միանայ ծառայակից ընկերներուն:  «Համոզուած եմ` հրամանատարի հարուստ փորձն ու գիտելիքները դեռ երկար պիտի ծառայեն մեր Հայրենիքին»,-ընդգծած է Արցախի նախագահը: 

Ջալալ Յարութիւնեան վիրաւորուած է մարտական դիրքի մէջ: Ան Հոկտեմբեր 27-ին ազատուած էր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն: 

Գիշերը հրետակոծուած են Մարտունին, Ասկերանի շրջանի վերին ենթաշրջանի գիւղերը. ներկայիս տեղային մարտեր են. ՊԲ
Նախորդ նիւթը

Գիշերը հրետակոծուած են Մարտունին, Ասկերանի շրջանի վերին ենթաշրջանի գիւղերը. ներկայիս տեղային մարտեր են. ՊԲ

ԱՄՆ Կլէնտէյլ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ Կլէնտէյլ քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը

ԱնցնիլՎեր