Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանին

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, 17 Նոյմբեր 2023-ին այցելեց Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանին Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ: Պատուիրակութիւնը առաջնորդ սրբազանին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանակի ողջոյնները: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ ամէն ձեւով պիտի օժանդակէ լիբանանահայ համայնքին շրջանցելու համար այս դժուար օրերը: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Արցախի ոդիսականը, Լիբանանի տնտեսական պայմանները, մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւնը: Վարչութիւնը նաեւ պահանջեց զարգացնել մեր ազգային կառոյցները զարգացնելով մարդուժը եւ ներկայացուցչութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ
23 Նոյեմբերի 2023
5 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեանին

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի, 17 Նոյմբեր 2023-ին այցելեց Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Շահէ Արքեպիսկոպոս Փանոսեանին Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ:

Պատուիրակութիւնը առաջնորդ սրբազանին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Լիբանանի Շրջանակի ողջոյնները: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ ամէն ձեւով պիտի օժանդակէ լիբանանահայ համայնքին շրջանցելու համար այս դժուար օրերը: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Արցախի ոդիսականը, Լիբանանի տնտեսական պայմանները, մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւնը: Վարչութիւնը նաեւ պահանջեց զարգացնել մեր ազգային կառոյցները զարգացնելով մարդուժը եւ ներկայացուցչութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ դասալիք ըլլանք: Այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օժանդակենք, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար իրենց: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց նաեւ թէ Միջին Արեւելքի կարեւոր հայկական համայնքները կը գտնուին ծանր վիճակի մէջ: Դիմանալը այս ժամանակաշրջանի հրամայականն է: Այդ համայնքներուն դերը անհրաժեշտ է Սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանումին մէջ: Մարդուժի զարգացումը եւ ապահովումը հրամայական է նաեւ զարգացնելու ու պահելու համար Սփիւռքը:

Ժամէ մը աւելի տեւած սրտբաց ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

Հաղորդագրութիւն՝ Ազգովին, Բոլորս Ալ Սաղիմահայ Ենք
Նախորդ նիւթը

Հաղորդագրութիւն՝ Ազգովին, Բոլորս Ալ Սաղիմահայ Ենք

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ(Ճմեյզի) ընթունեց Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիել Մուրատեանը եւ Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստը։
Յաջորդ նիւթը

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, Թէքէեան Կեդրոնին մէջ(Ճմեյզի) ընթունեց Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիել Մուրատեանը եւ Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստը։

ԱնցնիլՎեր