ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն հանգուցեալ ընկ. Հրայր Հովիւեանի մահուան Ա. Տարելիցը այս կիրակի

ՌԱԿ-ի  մեծ ընտանիքի երխատաւոր անդամներէն մէկ տարի առաջ մեզմէ յաւերժ հեռացած ընկ. Հրայր Հովիւեանի մահուան առաջին տարելիցը պիտի կատարուի  այս կիրակի։ Այս մասին «Ռամկավար Մամուլ»ին տեղեկացուցին Պէյրութէն։ Հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ  սուրբ Պատարագի։ Յիշեցնենք, որ պատասխանատու տարբեր պաշտօններ վարած մեր երէց ընկերը վերջին շրջանին անդամ էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան։ Հրայր Հովիւեան կը պատկանի այն սերունդին, որոնք իրենց աչքերը բացի Միջին Արեւելքի հայագաղութներու կազմաւորման կարեւոր փուլին  ու  անցան Հայոց Ցեղասպանութեան  ոգեկոչման յիսնամեակի բովէն, հանդիսանալով կամուրջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած աւագ սերունդին եւ սփիւռքի պահանջատէր երիտասարդութեան։ Կը  խոնարհինք աւագ ընկերոջ յիշատակին։  
15 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
ՌԱԿ-ի երախտաւորներէն հանգուցեալ ընկ. Հրայր Հովիւեանի մահուան Ա. Տարելիցը այս կիրակի

ՌԱԿ-ի  մեծ ընտանիքի երխատաւոր անդամներէն մէկ տարի առաջ մեզմէ յաւերժ հեռացած ընկ. Հրայր Հովիւեանի մահուան առաջին տարելիցը պիտի կատարուի  այս կիրակի։

Այս մասին «Ռամկավար Մամուլ»ին տեղեկացուցին Պէյրութէն։

Հոգեհանգստեան կարգը պիտի կատարուի Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ  սուրբ Պատարագի։

Յիշեցնենք, որ պատասխանատու տարբեր պաշտօններ վարած մեր երէց ընկերը վերջին շրջանին անդամ էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան։

Հրայր Հովիւեան կը պատկանի այն սերունդին, որոնք իրենց աչքերը բացի Միջին Արեւելքի հայագաղութներու կազմաւորման կարեւոր փուլին  ու  անցան Հայոց Ցեղասպանութեան  ոգեկոչման յիսնամեակի բովէն, հանդիսանալով կամուրջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած աւագ սերունդին եւ սփիւռքի պահանջատէր երիտասարդութեան։

Կը  խոնարհինք աւագ ընկերոջ յիշատակին։

 

Ամերիկացի գործիչը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Սենաթի առջեւ քննարկելէ
Նախորդ նիւթը

Ամերիկացի գործիչը Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք կասեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը Սենաթի առջեւ քննարկելէ

«Արտախորհրդարանական ուժերը պառակտում կը ստեղծեն» Արմէն Գրիգորեան
Յաջորդ նիւթը

«Արտախորհրդարանական ուժերը պառակտում կը ստեղծեն» Արմէն Գրիգորեան

ԱնցնիլՎեր