Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Պիքֆայայի ամառնային վանական համալիրին մէջ:  Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան ընկերային-տնտեսական վիճակը բարելաւող բոլոր քայլերուն: Որոշուեցաւ կարիքաւոր ընտանիքներու ցանկերը ամբողջացնել, օժանդակելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն, տնտեսական այս վատ պայմաններուն մէջ: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք եւ Կուսակցութեան ներքին վիճակը: Վեհափառը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին,
4 Սեպտեմբերի 2021
5 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւն Արամ Ա.Կաթողիկոսին

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկեր Աւետիս Տագէսեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Պիքֆայայի ամառնային վանական համալիրին մէջ: 

Պատուիրակութիւնը Վեհափառ հայրապետին փոխանցեց Ռ.Ա.Կ.Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները: Վարչութիւնը յայտարարեց, թէ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ լիբանանահայութեան ընկերային-տնտեսական վիճակը բարելաւող բոլոր քայլերուն: Որոշուեցաւ կարիքաւոր ընտանիքներու ցանկերը ամբողջացնել, օժանդակելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն, տնտեսական այս վատ պայմաններուն մէջ: Արծարծուեցան հայութիւնը տագնապնեցնող հարցեր, ինչպէս Լիբանանի տնտեսական պայմանները, Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական վիճակը Արցախի երկրորդ պատերազմէն ետք եւ Կուսակցութեան ներքին վիճակը:

Վեհափառը իր կարգին շեշտեց կարեւորութիւնը օժանդակելու մեր ազգի զաւակներուն, կառչած մնալու համար լիբանանեան հայրենիքին, որ շատ բան տուած է մեզի եւ պէտք չէ դասալիք ըլլանք: Այլ ձեռք-ձեռքի տալով պէտք է ոտքի կանգնինք եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն օժանդակենք, արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ապահովելու համար իրենց: Հայաստանի պարագային՝ միասնականութեան պահպանումը ամենամեծ երաշխիքն է մեր յաջողութեան եւ այս տագնապը շրջանցելու ամենաքիչ վնասով: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր կարծիքը յայտնեց Լիբանանի ապագայ քաղաքական կառոյցին մասին, նկատի առնելով որ յստակ է այլեւս նախկին Թաէֆի սահմանադրութեան չծառայելը Լիբանանի ժողովուրդի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսակական պահանջքին:

Ժամէ մը աւելի տեւած ժողովի աւարտին, կողմերը խոստացան շարունակել հաղորդակցիլ, մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած բոլոր արգելքները շրջանցելու համար:

 

Պէյրութ, 3 Սեպտեմբեր 2021

Պատմական պարտաւորութիւն ունինք՝ կերտել Արցախի Հանրապետութիւնը. ԱՀ նախագահի ուղերձը՝ Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ
Նախորդ նիւթը

Պատմական պարտաւորութիւն ունինք՝ կերտել Արցախի Հանրապետութիւնը. ԱՀ նախագահի ուղերձը՝ Արցախի Հանրապետութեան օրուան առթիւ

Մեր Անհետաձգելի Պարտքն Է՝ Հասնիլ Լիբանանահայ Գաղութին. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւն
Յաջորդ նիւթը

Մեր Անհետաձգելի Պարտքն Է՝ Հասնիլ Լիբանանահայ Գաղութին. ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւն

ԱնցնիլՎեր