Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանի Ընդհանուր Անդամական Ժողով. Հաղորդագրութիւն (Լուսանկարներ)

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց ընդհանուր անդամական ժողով, Շաբաթ 29 Յունուար 2022-ին, Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, նկատի առնելով որ Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինը ատենապետութեամբ Յակոբ Գասարճեանի արգիլած էր այս ժողովին կազմակերպումը Թէքէեան Կեդրոնին կամ Պայքար ակումբին մէջ:             Ժողովին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները եւ հարիւրի մօտ ընկերուհիներ եւ ընկերներ: Ներկայ էին բոլոր ակումբներէն մեր համեստ ընկերուհիները եւ ընկերները, մտաւորականներ, արհեստաւորներ, բոլոր տարիքի, բոլորը ուրախ իրենց տրուած այս գեղեցիկ առիթին համար: Ներկայ էին անդամներ, որոնք երկար ատենէ ներկայ չէին գտնուած: Այս մեր ամենամեծ ուրախութիւնն էր: Արձանագրուեցան
31 Հունվարի 2022
12 ր. ընթերցում
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանի Ընդհանուր Անդամական Ժողով. Հաղորդագրութիւն (Լուսանկարներ)

            Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կազմակերպեց ընդհանուր անդամական ժողով, Շաբաթ 29 Յունուար 2022-ին, Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, նկատի առնելով որ Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու մարմինը ատենապետութեամբ Յակոբ Գասարճեանի արգիլած էր այս ժողովին կազմակերպումը Թէքէեան Կեդրոնին կամ Պայքար ակումբին մէջ:

            Ժողովին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները եւ հարիւրի մօտ ընկերուհիներ եւ ընկերներ: Ներկայ էին բոլոր ակումբներէն մեր համեստ ընկերուհիները եւ ընկերները, մտաւորականներ, արհեստաւորներ, բոլոր տարիքի, բոլորը ուրախ իրենց տրուած այս գեղեցիկ առիթին համար: Ներկայ էին անդամներ, որոնք երկար ատենէ ներկայ չէին գտնուած: Այս մեր ամենամեծ ուրախութիւնն էր: Արձանագրուեցան բոլորին անունները:

            Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, խումբ մը կուսակցականներ, որոնց թիւը կը հասնէր հազիւ 20 հոգիի, որոնցմէ չորսը պաշտօնեաներ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, Յակոբ Գասարճեանի տնօրինումով կազմակերպեցին ապօրինի ժողով մը, որ ինքին խախտում էր Կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագրին եւ Կուսակցութենէն վտարուած Սեւակ Յակոբեանը ընտրեցին ապօրինի «Շրջանային վարչութեան» ատենապետ: Քսան հոգիէն տասը դարձան նոր «վարչութեան» անդամ:

            Ընդհանուր անդամական Ժողովին բացումը կատարեց Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեան: Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը այն ինը ընկերներուն, որոնք մահացան Քորոնա ժահրի համաճարակին պատճառով: Այդ ընկերներն են՝ Տոքթ.Վազգէն Ժամկոչեան, Կարապետ Պապահէքեան, Արամ Սեփեթճեան, Ճորճ Թաֆրանեան, Վաչէ Յակոբեան, Կարօ Նիկոլեան, Ռաֆֆի Ճիկերեան, Լորիս Թուղլաճեան եւ Թորոս Էքմէքճեան: Ապա բոլորը երգեցին կուսակցութեան քայլերգը:

            Ներկաները անցան օրակարգի քննարկումին: Լիբանանեան Խորհրդարանի ընտրութիւնները առաջին նիւթն էին: Ընկեր Տագէսեան ներկայացուց ընդհանուր վիճակը եւ յայտարարեց, թէ մօտ օրէն պիտի գումարուի ազգային կուսակցութիւններու համակարգումի ժողով, որոշելու համար առնուելիք քայլերը: Ան կոչ ուղղեց կուռ շարքերով մասնակցելու ընտրութեան, մանաւանդ Պէյրութի շրջանին մէջ:

            Երկրորդ օրակարգն էր Կուսակցութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ 22 Յունիս 2022-ին, Խորհրդարանի շրջափակին մէջ: Ընկեր Տագէսեան բոլորէն խնդրեց իրենց անունները արձանագրել այդ տօնակատարութեան մասնակցելու համար: Նաեւ Լիբանանի մէջ Փետրուար ամսուան ընթացքին պիտի կազմակերպուի 100-ամեակի տօնակատարութիւն: Մեծ թիւով ներկաներ պահանջեցին, որ այդ տօնակատարութիւնը տեղի ունենայ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ:

            Երրորդ օրակարգն էր Շրջանային վարչութեան իրաւասութեան երկարաձգումը մէկ տարուան ժամանակամիջոցի մը համար: Ներկաները միաձայնութեամբ վերանորոգեցին իրենց վստահութիւնը ներկայ Շրջանային վարչութեան հանդէպ, ատենապետութեամբ Տոքթ.Աւետիս Տագէսեանի:

            Ապա առիթ տրուեցաւ հարցումներու եւ առաջարկներու: Կարգ մը ընկերներ գանգատեցան ընկերային-տնտեսական վիճակէն: Առաջարկուեցաւ նաեւ վերակազմակերպել ակումբները եւ գալիք Շրջանային վարչութիւնը ընտրել անդամ առ անդամ եւ ոչ թէ ներկայիս գործող վարչապետական ձեւով, ուր պատգամաւորներ կ’ընտրեն ատենապետը միայն եւ ան կը կազմէ իր վարչութիւնը: Առաջարկուեցաւ նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ընդհանուր ժողով գումարել: Այս ժողովը երկար ատենէ ի վեր չէ գումարուած անորոշ պատճառներով:

            Դժբախտաբար այս գեղեցիկ առիթը փորձեցին խանգարել կարգ մը խուլիկան անհատներ ղրկուած կուսակցութէնէն վտարուած Սեւակ Յակոբեանի կողմէ: Անոնք փորձեցին մտնել սրահ իրենք զիրենք ներկայացնելով որպէս Շրջանային վարչութեան անդամներ: Բարեբախտաբար Շրջանային վարչութիւնս առած էր պէտք եղած կանխազգուշական միջոցները որեւէ անախորժ դէպք կանխելու համար:

            Ժողովի աւարտին, բոլորը մեծ գոհունակութեամբ հեռացան սրահէն, կրկնելով, թէ իրենք զօրավիգ պիտի կանգնին Շրջանային վարչութեան առնելիք բոլոր քայլերուն, Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանակը վերակազմակերպելու եւ օրինականութիւնը հաստատելու համար:  

 

            Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն

Խտացուած Համապարփակ Մտորումներ. Արեգ Եափուճեան
Նախորդ նիւթը

Խտացուած Համապարփակ Մտորումներ. Արեգ Եափուճեան

Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան այցելեց Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքին
Յաջորդ նիւթը

Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան այցելեց Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքին

ԱնցնիլՎեր