ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին

Այսօր՝ 29 Յուլիս, 2019-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին: Շնորհաւորելով պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ,  ՌԱԿ պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Զարեհ Սինանեանին, հաւատաք յայտնելով, որ ան նոր եռանդ պիտի բերէ հաղորդէ համահայկական գաղափարներու կեանքի կոչման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկուստեք յուզող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ համագործակցութեան ուղղութիւններուն: ՌԱԿ պատուիրակութիւնը սփիւռքի յանձնակատարին յայտնեց, որ ինչպէս միշտ, այսօր եւս ՌԱԿը, իր սփիւռքեան բոլոր շրջանակներու ներգրաւուածութեամբ, պատրաստակամ է աջակցելու հայրենիքի առաջընթացին եւ կարելի եղած բոլոր միջոցներով սատար կանգնելու կառավարութեան ազգօգուտ ծրագիրներուն: Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Վարչութեան
30 Հուլիսի 2019
3 ր. ընթերցում
ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին

Այսօր՝ 29 Յուլիս, 2019-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին:

Շնորհաւորելով պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ,  ՌԱԿ պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Զարեհ Սինանեանին, հաւատաք յայտնելով, որ ան նոր եռանդ պիտի բերէ հաղորդէ համահայկական գաղափարներու կեանքի կոչման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկուստեք յուզող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ համագործակցութեան ուղղութիւններուն: ՌԱԿ պատուիրակութիւնը սփիւռքի յանձնակատարին յայտնեց, որ ինչպէս միշտ, այսօր եւս ՌԱԿը, իր սփիւռքեան բոլոր շրջանակներու ներգրաւուածութեամբ, պատրաստակամ է աջակցելու հայրենիքի առաջընթացին եւ կարելի եղած բոլոր միջոցներով սատար կանգնելու կառավարութեան ազգօգուտ ծրագիրներուն:

Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Գարատանայեանը, Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական հարցերով խորհրդատու Վիգէն Խաչատրեանը  եւ Աւստրալիայէն Կեդրոնական Վարչութեան գործակից անդամ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ ներկայացուցիչ Հայկ Լեփեճեանը:

Հաղորդագրութիւն
Նախորդ նիւթը

Նախազգուշացում | Յայտարարութիւն

Երուսաղէմ. ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան իր յարկին տակ հիւրընկալեց ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը
Յաջորդ նիւթը

Երուսաղէմ. ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան իր յարկին տակ հիւրընկալեց ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը

ԱնցնիլՎեր