ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեան, Երուսաղէմ այցի ծիրէն ներս, 28 Յուլիս, 2019-ին, հիւրընկալուեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանի Երուսաղէմի հայոց թաղին մէջ գտնուող ընտանեկան յարկին տակ:
Հանդիպումը անցաւ շատ մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր զրուցակիցները երկու ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին, երկուստեք՝ շինիչ գաղափարներու փոխանակումով արծարծեցին հայութիւնը, ի մասնաւորի Երուսաղէմի հայ գաղութը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի մէջ տիրող վերջին քաղաքական զարգացումներուն մասին:
Ընկեր Անդրէասեանը յարգելի նախարարին ընդգծեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան դրական տրամադրութիւնները՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հանդէպ եւ՝ պատրաստակամութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելու հայրենիքի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն:
Պարոն նախարարը գնահատեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անցած ազգային քաղաքական հայրենանպաստ անշեղ ուղին եւ կարեւորեց անոր դերը հզօր եւ ժողովրդավար Հայաստանի ապագայի տեսլականի իրագործման մէջ:
Հանդիպումը վերջ գտաւ՝ իրարու յաջողութեան մաղթանքներ փոխանակելով։
Նշենք, որ Չորեքշաբթի՝ 31 Յուլիս 2019-ին, ՌԱԿի Հայ Երիտասարդաց Միութեան սրահին մէջ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ նախարար Պրն. Յարութիւնեանին հետ, ՌԱԿ Երուսաղէմի Շրջանային վարչութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութեան անդամներու մասնակցութեամբ: