28 Յունուար 2021
Պատուելի Ճոզէֆ Ռ. Պայտըն
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ
Սպիտակ Տուն
Ուաշինկթըն, Տ.Ք.
Ձեր երդմնակալութեան առիթով՝ որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քառասունվեցերորդ նախագահ, կը յայտնենք մեր անկեղծ բարեմաղթանքները՝ իմաստութեան եւ զօրութեան համար՝ Ձեր բարձր պաշտօնին բազմաթիւ ծանր պարտականութիւնները կատարելու գործին մէջ։
Ոգեւորուած Ձեր ղեկավարութենէն՝ կ՚ակնկալենք, որ ամերիկեան ազգը դարձեալ պիտի ծաղկի եւ շարունակէ առաջնորդել աշխարհը՝ նախկին նախագահներուն կողմէ սահմանուած ձեւով։ Նմանապէս, կը յուսանք, որ պիտի ընէք այն ամէնը, ինչ որ անհրաժեշտ է՝ օգնելու մեր հայ ազգին, որ անարդարացիօրէն ոտնահարուեցաւ Ազրպէյճանի եւ այլ թիւրքական պետութիւններու կողմէ։
Արդարութիւնը, ազատութիւնը եւ բոլոր մարդոց իրաւունքներուն յարգանքը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնական համոզմունքն է։ Ասիկա կ՚արտացոլուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան մէջ եւ պէտք է արտացոլուի աշխարհի բոլոր ազգերուն կողմէ։ Աստուծոյ կամքով, օր մը, ասիկա պիտի դառնայ բոլոր ժողովրդավարական կառավարուող ժողովուրդներու հիմնաքարը։
Այս զգացումներով՝ կը յայտնենք մեր բարեմաղթանքները Ձեզի եւ Ձեր ընտանիքին՝ շարունակական առողջութեան եւ յաջողութեան համար։ Կը մնանք՝
Հաւատարիմ՝
ՌԱՄԿԱՒԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Դոկտ. Ռաֆֆի Պալեան – Քարտուղար
Մայքըլ Խարապեան – Ատենապետ