Ռուսաստանցի 50 բժիշկ պիտի աջակցի Հայաստանին

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 21 Յունիսին յատուկ չուերթով Հայաստան ժամանած է ռուսաստանցի բժիշկներու առաջին խումբը` աջակցելու «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին շրջածիրէն ներս: Առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնութեան արձագանգած է ռուսաստանցի շուրջ 50 բժիշկ: Ըստ սահմանուած յաջորդականութեան` անոնք առանձին մասնագիտական խումբերով պիտի ժամանեն Հայաստան: Յաջորդ խումբի այցելութիւնը կը նախատեսուի Յուլիսի սկիզբը:«Չուերթով Հայաստան տեղափոխուած են նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան նուիրաբերուած բժշկական սարքեր եւ անձնական պաշտպանիչ պարագաներ։ «Նուիրատուութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Վիվա» բարեգործական հիմնադրամին եւ կառոյցի հոգաբարձուներու անդամ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգի Մելքոնեանին»,- ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
23 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Ռուսաստանցի 50 բժիշկ պիտի աջակցի Հայաստանին

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ 21 Յունիսին յատուկ չուերթով Հայաստան ժամանած է ռուսաստանցի բժիշկներու առաջին խումբը` աջակցելու «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին շրջածիրէն ներս:

Առողջապահութեան նախարարութեան նախաձեռնութեան արձագանգած է ռուսաստանցի շուրջ 50 բժիշկ: Ըստ սահմանուած յաջորդականութեան` անոնք առանձին մասնագիտական խումբերով պիտի ժամանեն Հայաստան:

Յաջորդ խումբի այցելութիւնը կը նախատեսուի Յուլիսի սկիզբը:«Չուերթով Հայաստան տեղափոխուած են նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան նուիրաբերուած բժշկական սարքեր եւ անձնական պաշտպանիչ պարագաներ։

«Նուիրատուութեան համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Վիվա» բարեգործական հիմնադրամին եւ կառոյցի հոգաբարձուներու անդամ, բժշկական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգի Մելքոնեանին»,- ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

ԲՀԿ-ն կը նախաձեռնէ ստորագրահաւաք` Սահմանադրական դատարան դիմելու համար
Նախորդ նիւթը

ԲՀԿ-ն կը նախաձեռնէ ստորագրահաւաք` Սահմանադրական դատարան դիմելու համար

Հայաստանի մէջ վերջին երեք ամիսներուն՝ «Քորոնա» ժահրի ժամանակ, փակուած է 5873 տնտեսութիւն
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ վերջին երեք ամիսներուն՝ «Քորոնա» ժահրի ժամանակ, փակուած է 5873 տնտեսութիւն

ԱնցնիլՎեր