Ռուսաստան ընտրեց պատերազմելու ուղին, հետեւանքներն աղիտալի պիտի ըլլան. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ընտրած է պատերազմի ուղին, որ պիտի յանգեցնէ աղիտալի մարդկային կորուստներու, աւերածութիւններու եւ բնակչութեան մեծ տառապանքներու։ «Ուքրանիոյ ժողովուրդը ենթարկուած է ռուսական ուժերու անհիմն եւ չարդարացուած յարձակման»,- ըսած է ան։ Միայն Ռուսաստան կը կրէ պատասխանատուութիւնը մահերու ու աւերածութիւններու համար, որ կը պաճառէ այդ յարձակումը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն: «Միացեալ Նահանգները, իր դաշնակիցները եւ գործընկերները կը պատասխանեն միասնական եւ վճռական կերպով: Աշխարհը պատասխանատուութեան կը կանչէ Ռուսաստանը»,-գրած է Պայտըն: Նշենք, որ Փետրուար 24-ի առաւօտեան ՌԴ նախագահը յայտարարած է Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան մասին: 
24 Փետրվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Ռուսաստան ընտրեց պատերազմելու ուղին, հետեւանքներն աղիտալի պիտի ըլլան. Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ընտրած է պատերազմի ուղին, որ պիտի յանգեցնէ աղիտալի մարդկային կորուստներու, աւերածութիւններու եւ բնակչութեան մեծ տառապանքներու։

«Ուքրանիոյ ժողովուրդը ենթարկուած է ռուսական ուժերու անհիմն եւ չարդարացուած յարձակման»,- ըսած է ան։

Միայն Ռուսաստան կը կրէ պատասխանատուութիւնը մահերու ու աւերածութիւններու համար, որ կը պաճառէ այդ յարձակումը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջով գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն:

«Միացեալ Նահանգները, իր դաշնակիցները եւ գործընկերները կը պատասխանեն միասնական եւ վճռական կերպով: Աշխարհը պատասխանատուութեան կը կանչէ Ռուսաստանը»,-գրած է Պայտըն:

Նշենք, որ Փետրուար 24-ի առաւօտեան ՌԴ նախագահը յայտարարած է Տոնպասի մէջ յատուկ ռազմական գործողութեան մասին: 

Յոյսով ենք, ստորագրուած հռչակագիրը յառաջ կը մղէ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ընդունած եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացումը. ԱԳՆ
Նախորդ նիւթը

Յոյսով ենք, ստորագրուած հռչակագիրը յառաջ կը մղէ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ընդունած եռակողմ յայտարարութիւններու իրականացումը. ԱԳՆ

Եւրոմիութիւնը մտադիր է իր պատմութեան ամենախիստ պատժամիջոցներու փաթեթը կիրառել Ռուսաստանի դէմ
Յաջորդ նիւթը

Եւրոմիութիւնը մտադիր է իր պատմութեան ամենախիստ պատժամիջոցներու փաթեթը կիրառել Ռուսաստանի դէմ

ԱնցնիլՎեր