Ռուս ԱԻ նախարարը մահացած է յայտնի շարժանկարի բեմադրիչը փրկել փորձելու ժամանակ

ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարար զօրավար Եւկէնի Զինիչեւը մահացած է յայտնի շարժանկարի բեմադրիչ Ալեքսանտր Մելնիքի հետ միասին, որուն կը փորձէր փրկել: Ողբերգութիւնը տեղի ունեցած է Արքթիքայի մէջ միջգերատեսչական վարժանքներու ժամանակ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն: ԱԻՆ տուեալներով՝ շարժանկարի բեմադրիչ Ալեքսանտր Մելնիքը նոր ֆիլմի նկարահանման վայրեր ընտրելու համար ներկայ գտնուած է Քրասնոյարսքի երկրամասին մէջ կայացող վարժանքներուն: Ան ինկած է ժայռէն, իսկ Զինիչեւը նետուած է անոր փրկելու: Ականատեսներու վկայութեամբ՝ ան բախուած է ժայռի ելուստին: Երկուքը ծանր վնասուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոց, սակայն ուղղաթիռին մէջ մահացած են:
9 Սեպտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Ռուս ԱԻ նախարարը մահացած է յայտնի շարժանկարի բեմադրիչը փրկել փորձելու ժամանակ

ՌԴ արտակարգ իրավիճակներու նախարար զօրավար Եւկէնի Զինիչեւը մահացած է յայտնի շարժանկարի բեմադրիչ Ալեքսանտր Մելնիքի հետ միասին, որուն կը փորձէր փրկել: Ողբերգութիւնը տեղի ունեցած է Արքթիքայի մէջ միջգերատեսչական վարժանքներու ժամանակ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:

ԱԻՆ տուեալներով՝ շարժանկարի բեմադրիչ Ալեքսանտր Մելնիքը նոր ֆիլմի նկարահանման վայրեր ընտրելու համար ներկայ գտնուած է Քրասնոյարսքի երկրամասին մէջ կայացող վարժանքներուն:

Ան ինկած է ժայռէն, իսկ Զինիչեւը նետուած է անոր փրկելու: Ականատեսներու վկայութեամբ՝ ան բախուած է ժայռի ելուստին: Երկուքը ծանր վնասուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոց, սակայն ուղղաթիռին մէջ մահացած են:

ԵՄ-ն կրնայ հեռացնել Հայաստանը համաճարակաբանական տեսանկիւնէ ապահով երկիրներու ցանկէն
Նախորդ նիւթը

ԵՄ-ն կրնայ հեռացնել Հայաստանը համաճարակաբանական տեսանկիւնէ ապահով երկիրներու ցանկէն

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորականները համատեղ զօրավարժութիւններ կ'իրականացնեն Քաշաթաղի շրջանին մէջ
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուորականները համատեղ զօրավարժութիւններ կ’իրականացնեն Քաշաթաղի շրջանին մէջ

ԱնցնիլՎեր