Ռուս խաղաղապահները իրենց առաքելութիւնը կ՚իրականացնեն նաեւ Մարտակերտի մէջ

ՌԴ խաղաղապահ զինծառայողներն Արցախի տարածքին տեղակայուած ժամանակակից ամրաշինական կառոյցներով եւ բնակութեան համար հարմարաւէտ պայմաններով յագեցած դիտակէտերուն մէջ կը շարունակեն վերահսկել հրադադարի ռեժիմը եւ վերահսկողութիւն իրականացնել: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած են ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն: Դիտակէտերը համալրուած են ամրաշինական կառոյցներով, որոնք նախատեսուած են զինծառայողները հրաձգային զէնքէն եւ բեկորներէն պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքի նկատմամբ շրջանաձեւ հսկողութիւն իրականացնելու համար: Ներկայիս խաղաղապահները կ’իրականացնեն իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն: Ռուսաստանցի խաղաղապահներու դիտակէտերու անձնակազմի հետ ամէն օր կ’իրականացուին զինադադարի ռեժիմի խախտման պարագային անհրաժեշտ գործողութիւններու պարապմունքներ: Կ’իրականացուին նաեւ դիտակէտերու վրայ հնարաւոր յարձակումներու պարագային պաշտպանուելու պարապմունքներ:
19 Հունվարի 2021
3 ր. ընթերցում
Ռուս խաղաղապահները իրենց առաքելութիւնը կ՚իրականացնեն նաեւ Մարտակերտի մէջ

ՌԴ խաղաղապահ զինծառայողներն Արցախի տարածքին տեղակայուած ժամանակակից ամրաշինական կառոյցներով եւ բնակութեան համար հարմարաւէտ պայմաններով յագեցած դիտակէտերուն մէջ կը շարունակեն վերահսկել հրադադարի ռեժիմը եւ վերահսկողութիւն իրականացնել:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած են ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Դիտակէտերը համալրուած են ամրաշինական կառոյցներով, որոնք նախատեսուած են զինծառայողները հրաձգային զէնքէն եւ բեկորներէն պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքի նկատմամբ շրջանաձեւ հսկողութիւն իրականացնելու համար:

Ներկայիս խաղաղապահները կ’իրականացնեն իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն:

Ռուսաստանցի խաղաղապահներու դիտակէտերու անձնակազմի հետ ամէն օր կ’իրականացուին զինադադարի ռեժիմի խախտման պարագային անհրաժեշտ գործողութիւններու պարապմունքներ: Կ’իրականացուին նաեւ դիտակէտերու վրայ հնարաւոր յարձակումներու պարագային պաշտպանուելու պարապմունքներ:

Յայտնաբերուած է եւս 8 աճիւն․ ԱԻՊԾ
Նախորդ նիւթը

Յայտնաբերուած է եւս 8 աճիւն․ ԱԻՊԾ

Երկրաշարժ՝ Ջերմուկ քաղաքին մերձ
Յաջորդ նիւթը

Երկրաշարժ՝ Ջերմուկ քաղաքին մերձ

ԱնցնիլՎեր