Ռուս խաղաղապահները հնարքներ մշակած են՝ անօդաչուներու յայտնաբերմանն ու հնարաւոր յարձակումներու կանխմանն ուղղուած. ՌԴ ՊՆ

 Ռուս խաղաղապահները մարտական պատրաստուածութեան պարապմունքներու շրջածիրէն ներս վարժանքներ իրականացուցած են՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անօդաչուներու կիրառմամբ հնարաւոր խախտումները կանխելուն եւ Լաչինի միջանցքի դիտակէտերուն մէջ անվտանգութեան ապահովման: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ: Ինչպէս կը հաղորդուի, վարժանքները իրականացուած են 6 ուսումնական կէտի մէջ: Զինծառայողները նոր ռազմավարական հնարքներ եւ գործողութիւններ մշակած են՝ ուղղուած տեղակայման վայրէն դուրս գալուն, զրահափոխադրիչներուն մէջ տեղաւորուելուն, պայմանական յարձակողը շրջափակելուն եւ դիտակէտի դէմ հնարաւոր յարձակումը կանխելուն: Ուսումնավարժանքի շրջածիրէն ներս իրականացուած գործողութիւններու առանձնայատկութիւնը անօդաչու թռչող սարքի բացայայտման համար կատարուող հնարքներն էին:   
30 Օգոստոսի 2021
2 ր. ընթերցում
Ռուս խաղաղապահները հնարքներ մշակած են՝  անօդաչուներու յայտնաբերմանն ու հնարաւոր յարձակումներու կանխմանն ուղղուած. ՌԴ ՊՆ

 Ռուս խաղաղապահները մարտական պատրաստուածութեան պարապմունքներու շրջածիրէն ներս վարժանքներ իրականացուցած են՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անօդաչուներու կիրառմամբ հնարաւոր խախտումները կանխելուն եւ Լաչինի միջանցքի դիտակէտերուն մէջ անվտանգութեան ապահովման: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդուի, վարժանքները իրականացուած են 6 ուսումնական կէտի մէջ: Զինծառայողները նոր ռազմավարական հնարքներ եւ գործողութիւններ մշակած են՝ ուղղուած տեղակայման վայրէն դուրս գալուն, զրահափոխադրիչներուն մէջ տեղաւորուելուն, պայմանական յարձակողը շրջափակելուն եւ դիտակէտի դէմ հնարաւոր յարձակումը կանխելուն:

Ուսումնավարժանքի շրջածիրէն ներս իրականացուած գործողութիւններու առանձնայատկութիւնը անօդաչու թռչող սարքի բացայայտման համար կատարուող հնարքներն էին:   

Անհայտ կորածների ընտանիքները ԴԵՌ սպասում են պատասխանների | IDOD 2021
Նախորդ նիւթը

Անհայտ կորածների ընտանիքները ԴԵՌ սպասում են պատասխանների | IDOD 2021

Վայոց ձորի մէջ ատրպէյճանցիները յափշտակած են 8 միլիոն դրամ վարկով գնուած խոշոր եղջերաւոր կենդանիներու մեծ մասը
Յաջորդ նիւթը

Վայոց ձորի մէջ ատրպէյճանցիները յափշտակած են 8 միլիոն դրամ վարկով գնուած խոշոր եղջերաւոր կենդանիներու մեծ մասը

ԱնցնիլՎեր