Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ մինչ օրս Արցախ վերադարձած է 52 058 բնակիչ

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի կողմէ կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերահսկումը: Ըստ ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին՝ այս մասին յայտնած է ԼՂ-ի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի կողմերու հաշտեցման կեդրոնի պետի տեղակալը: Անոր խօսքով՝ ռուս խաղաղապահները կ’ապահովեն մեր հայրենակիցներու անվտանգ վերադարձ Լեռնային Ղարաբաղ: Նոյեմբերի կէսերէն մինչ օրս Արցախ վերադարձած է 52 058 բնակիչ: «29 յունուարէն մինչ այսօր ապահովուած է Ատրպէյճանի ԶՈւ 9 մեքենայի շարասիւնի անցումը խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտիէն: 31 յունուարին ռուսական ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ 16 հայ ուխտաւորներ Ստեփանակերտէն այցելած են Դադիվանք եւ վերադարձած»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ռուսական ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն չպայթած զինամթերքի որոնումներն ու ոչնչացումը: Այսօրուայ դրութեամբ
3 Փետրվարի 2021
3 ր. ընթերցում
Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ մինչ օրս Արցախ վերադարձած է 52 058 բնակիչ

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի կողմէ կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերահսկումը: Ըստ ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին՝ այս մասին յայտնած է ԼՂ-ի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի կողմերու հաշտեցման կեդրոնի պետի տեղակալը:

Անոր խօսքով՝ ռուս խաղաղապահները կ’ապահովեն մեր հայրենակիցներու անվտանգ վերադարձ Լեռնային Ղարաբաղ: Նոյեմբերի կէսերէն մինչ օրս Արցախ վերադարձած է 52 058 բնակիչ:

«29 յունուարէն մինչ այսօր ապահովուած է Ատրպէյճանի ԶՈւ 9 մեքենայի շարասիւնի անցումը խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտիէն: 31 յունուարին ռուսական ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ 16 հայ ուխտաւորներ Ստեփանակերտէն այցելած են Դադիվանք եւ վերադարձած»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսական ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն չպայթած զինամթերքի որոնումներն ու ոչնչացումը: Այսօրուայ դրութեամբ ստուգուած է 973 շինութիւն, աւելի քան 247 քմ ճանապարհ, մաքրուած է մօտ 893 հեքթար տարածք, յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած է 23 950 պայթելու վտանգ ներկայացնող առարկայ: Կը շարունակուին անյայտ կորսուածներու եւ զոհերու մարմիններու որոնումները:

Մոսկուաբնակ հայ քաղաքագէտը դադրեցուցած է ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջող հացադուլը
Նախորդ նիւթը

Մոսկուաբնակ հայ քաղաքագէտը դադրեցուցած է ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջող հացադուլը

Ատրպէյճանցիները կը շարունակեն մեր տղոց հեռախօսներէն ու ընկերային ցանցերէն գրել, յոյսեր ներշնչել. Սամուէլ Մարտիրոսեան
Յաջորդ նիւթը

Ատրպէյճանցիները կը շարունակեն մեր տղոց հեռախօսներէն ու ընկերային ցանցերէն գրել, յոյսեր ներշնչել. Սամուէլ Մարտիրոսեան

ԱնցնիլՎեր