Սահմանադրական դատարանը կրնայ ամբողջութեամբ փոխուիլ. Նախարար Բադասեան

Սահմանադրական դատարանի շուրջ եւ ողջ դատական համակարգի մէջ ստեղծուած ճգնաժամը կրնայ եւ պէտք է լուծուի սահմանադրական փոփոխութիւններու հետեւանքով՝ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը։ Միաժամանակ նախարարը չէ բացառած, որ փոփոխութիւններու հետեւանքով կը ձեւաւորուի ամբողջովին նոր սահմանադրական դատարան. — «Ես էլ եմ կարծում, որ Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամը հնարաւորինս շուտ պէտք է հանգուցալուծուի։ Ինչ վերաբերում է վաղ կենսաթոշակին, ժամանակ կայ՝ եթէ չեմ սխալւում, մինչեւ Փետրուարի 27-ը, եւ որեւէ մէկը չի կարող գնահատել աշխատեց, թէ չաշխատեց, քանի դեռ վերջին օրը չի եկել, եւ մենք չենք արձանագրել, որ որեւէ մէկը չդիմեց։ Բայց դրանից ոչ մի ողբերգութիւն չի լինի, եթէ որեւէ
31 Հունվարի 2020
3 ր. ընթերցում
Սահմանադրական դատարանը կրնայ ամբողջութեամբ փոխուիլ. Նախարար Բադասեան

Սահմանադրական դատարանի շուրջ եւ ողջ դատական համակարգի մէջ ստեղծուած ճգնաժամը կրնայ եւ պէտք է լուծուի սահմանադրական փոփոխութիւններու հետեւանքով՝ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը։

Միաժամանակ նախարարը չէ բացառած, որ փոփոխութիւններու հետեւանքով կը ձեւաւորուի ամբողջովին նոր սահմանադրական դատարան. — «Ես էլ եմ կարծում, որ Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամը հնարաւորինս շուտ պէտք է հանգուցալուծուի։ Ինչ վերաբերում է վաղ կենսաթոշակին, ժամանակ կայ՝ եթէ չեմ սխալւում, մինչեւ Փետրուարի 27-ը, եւ որեւէ մէկը չի կարող գնահատել աշխատեց, թէ չաշխատեց, քանի դեռ վերջին օրը չի եկել, եւ մենք չենք արձանագրել, որ որեւէ մէկը չդիմեց։ Բայց դրանից ոչ մի ողբերգութիւն չի լինի, եթէ որեւէ մէկը վաղ կենսաթոշակի չդիմի, որեւէ ողբերգութիւն չի լինի, եթէ որեւէ մէկը դիմի։ Ես ասել եմ, որ դատական համակարգում առկայ ընդհանուր ճգնաժամը եւ մասնաւորապէս Սահմանադրական դատարանի ճգնաժամը կարող է լուծուել եւ պէտք է լուծուի սահմանադրական փոփոխութիւններով։ Որովհետեւ հիմա, կարծում եմ, ինչ լուծում էլ գտնենք, այդ լուծումը ամբողջութեամբ, հարիւր տոկոսով չի կարող հիմք հանդիսանալ հասարակութեան վստահութիւնը վերականգնելու ամբողջ դատական համակարգի նկատմամբ»։

 

Այսօր ՌԱԿ գործիչ, Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ Լեւոն Պըլըխեանի ծննդեան օրն է
Նախորդ նիւթը

Այսօր ՌԱԿ գործիչ, Կեդրոնական Վարչութեան Փոխատենապետ Լեւոն Պըլըխեանի ծննդեան օրն է

Պայքար «Սանասարեան»ի համար
Յաջորդ նիւթը

Պայքար «Սանասարեան»ի համար

ԱնցնիլՎեր