Սահմանազատման հարցով հայկական կողմը նախապայմաններ չունի. ԱԳՆ-ն արձագանգած է Պայրամովի յայտարարութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի այն յայտարարութեան, թէ Պաքուի համար անընդունելի են Երեւանի նախապայմանները սահմանազատումը սկսելու հարցին մէջ:  ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեան ընդգծած է, որ սահմանազատման հարցով հայկական կողմը նախապայմաններ չունի, խօսքը պայմանաւորուածութիւններու մասին է: «Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կողմերը պայմանաւորուած են «քայլերու ձեռնարկել ատրպէյճանահայկական սահմանին անվտանգութեան եւ կայունութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ գործը տանիլ դէպի սահմանազատման եւ սահմանագծման երկկողմ յանձնաժողովի ձեւաւորում»: Այս պայմանաւորուածութիւնը վերահաստատուած եւ զօրքերու ետքաշման գործընթաց սկսելու մասին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Դեկտեմբեր 14-ին
20 Հունվարի 2022
4 ր. ընթերցում
Սահմանազատման հարցով հայկական կողմը նախապայմաններ չունի. ԱԳՆ-ն արձագանգած է Պայրամովի յայտարարութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի այն յայտարարութեան, թէ Պաքուի համար անընդունելի են Երեւանի նախապայմանները սահմանազատումը սկսելու հարցին մէջ: 

ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեան ընդգծած է, որ սահմանազատման հարցով հայկական կողմը նախապայմաններ չունի, խօսքը պայմանաւորուածութիւններու մասին է:

«Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ ընդունուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կողմերը պայմանաւորուած են «քայլերու ձեռնարկել ատրպէյճանահայկական սահմանին անվտանգութեան եւ կայունութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ գործը տանիլ դէպի սահմանազատման եւ սահմանագծման երկկողմ յանձնաժողովի ձեւաւորում»: Այս պայմանաւորուածութիւնը վերահաստատուած եւ զօրքերու ետքաշման գործընթաց սկսելու մասին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Դեկտեմբեր 14-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահին միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարների՝ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպման ընթացքին:

Ըստ այդմ, հայկական կողմին առաջարկները ոչ թէ նախապայմաններու, այլ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու մասին են: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կարծէ, որ օր առաջ պէտք է սկսիլ սահմանազատման գործընթացը՝ համաձայն վերը նշուած պայմանաւորուածութիւններում», ըսած է Յունանեան:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը խիստ մտահոգուած է հայ ռազմագերիներու ճակատագրով
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը խիստ մտահոգուած է հայ ռազմագերիներու ճակատագրով

Պատերազմի զոհերուն թիւը 3809 է. Անյայտ է վայրը 199 զինուորի եւ 21 քաղաքայինի
Յաջորդ նիւթը

Պատերազմի զոհերուն թիւը 3809 է. Անյայտ է վայրը 199 զինուորի եւ 21 քաղաքայինի

ԱնցնիլՎեր