Սամուէլ Բաբայեան հրաժարեցաւ «Արցախի հերոս» իր կոչումէն

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Սամուէլ Բաբայեան յայտարարութիւն տարածած է իր դիմատետրի էջին վրայ․ «Յարգելի’ հայրենակիցներ, Արցախը հայոց պետականութեան կեդրոնն է, հայկականութեան խորհրդանիշը եւ մենք պարտաւոր էինք պահել հայու արժանապատւութիւնը։ Այս գիտակցութեամբ մենք ապրած ենք ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բոլոր փուլերը, յանուն հողի եւ այդ հողին վրայ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքին զոհած հազարաւոր կեանքեր, կրած զրկանքներ։ Այսօր, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարները միաձայն դաւադիր որոշմամբ եւ գրչի մէկ հարուածով կասկածի տակ դրած են հայկականութեան գոյութիւնը, մեր փոխարէն որոշած մեր լինել-չլինելը եւ ապա մերկապարանոց սուտեր կը ճառեն արձանագրուած իրողութիւններու մասին, հարց կը ծագի, ո՞վ ձեզի լիազօրած է ժողովրդավարական երկրի մէջ առանց ժողովուրդի համաձայնութեան
10 Նոյեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Սամուէլ Բաբայեան հրաժարեցաւ «Արցախի հերոս» իր կոչումէն

Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Սամուէլ Բաբայեան յայտարարութիւն տարածած է իր դիմատետրի էջին վրայ․

«Յարգելի’ հայրենակիցներ,

Արցախը հայոց պետականութեան կեդրոնն է, հայկականութեան խորհրդանիշը եւ մենք պարտաւոր էինք պահել հայու արժանապատւութիւնը։ Այս գիտակցութեամբ մենք ապրած ենք ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բոլոր փուլերը, յանուն հողի եւ այդ հողին վրայ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքին զոհած հազարաւոր կեանքեր, կրած զրկանքներ։

Այսօր, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարները միաձայն դաւադիր որոշմամբ եւ գրչի մէկ հարուածով կասկածի տակ դրած են հայկականութեան գոյութիւնը, մեր փոխարէն որոշած մեր լինել-չլինելը եւ ապա մերկապարանոց սուտեր կը ճառեն արձանագրուած իրողութիւններու մասին, հարց կը ծագի, ո՞վ ձեզի լիազօրած է ժողովրդավարական երկրի մէջ առանց ժողովուրդի համաձայնութեան եւ առանց անոր կողմէ ընտրուած մարմիններուն հետ խորհրդակցելու յանձնել մեզ։

 

Ի պատասխան եւ ի բողոք այս յանցաւոր գործողութիւններուն կը յայտարարեմ՝

Կը հրաժարիմ «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչումէն, կը դադարեցնեմ իմ,  որպէս Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի լիազօրութիւնները»։

Ռուս խաղաղապահներու Հայաստան տեղափոխումը կը շարունակուի
Նախորդ նիւթը

Ռուս խաղաղապահներու Հայաստան տեղափոխումը կը շարունակուի

«Առած  որոշումս  ծանր էր ու դժուար»Վարչապետ Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

«Առած որոշումս ծանր էր ու դժուար»Վարչապետ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր