ՍԴՀԿ — ՌԱԿ — ՀՅԴ Միջկուսակցական Հանդիպում

Ուրբաթ, 29 hոկտեմբեր 2021-ին, ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը: Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած աննախընթաց մարտահրաւէրներուն եւ սպառնացող վտանգներուն: Լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը եւ այս ծիրին մէջ կատարուող օժանդակութիւնները դարձան առանցք ընդհանուր քննարկումի: ժողովը բարձրօրէն գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին լիբանանահայութեան օժանդակութեան նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ` ընդհանրապէս հայաշխարհի ցուցաբերած զօրակցութիւնը: Շեշտը դրուեցաւ միացեալ ճիգերով օժանդակութեան աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ: ժողովը քննարկեց նաեւ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը եւ այդ ծիրին
31 Հոկտեմբերի 2021
5 ր. ընթերցում
ՍԴՀԿ - ՌԱԿ - ՀՅԴ Միջկուսակցական Հանդիպում

Ուրբաթ, 29 hոկտեմբեր 2021-ին, ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը:

Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած աննախընթաց մարտահրաւէրներուն եւ սպառնացող վտանգներուն:

Լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը եւ այս ծիրին մէջ կատարուող օժանդակութիւնները դարձան առանցք ընդհանուր քննարկումի: ժողովը բարձրօրէն գնահատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին լիբանանահայութեան օժանդակութեան նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ` ընդհանրապէս հայաշխարհի ցուցաբերած զօրակցութիւնը: Շեշտը դրուեցաւ միացեալ ճիգերով օժանդակութեան աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութեան վրայ:

ժողովը քննարկեց նաեւ Լիբանանի քաղաքական կացութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ գալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ առնչուած հարցեր: Ներքաղաքական կացութեան գծով ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին ներքին բեւեռացումներու բացառումը: Ժողովը քաղաքական ու ապահովական կայունութեան ստեղծումը նախապայման նկատեց երկրի ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները որոշեցին հերթական հանդիպումներով մնալ կապի մէջ` լիբանանահայ համայնքի շահերը դարձնելով ուշադրութեան հիմնական առանցք:

 

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հայկական տառարուեստը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ
Նախորդ նիւթը

Հայկական տառարուեստը՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ

Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի առնչութեամբ քրէական գործերով կը հետապնդուի շուրջ 4 տասնեակ անձ. գլխաւոր դատախազ
Յաջորդ նիւթը

Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի առնչութեամբ քրէական գործերով կը հետապնդուի շուրջ 4 տասնեակ անձ. գլխաւոր դատախազ

ԱնցնիլՎեր