Սեպտեմբեր 15-էն բուհերը պիտի վերսկսին դասերը. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի պարէտատունը դասընթացքները նաեւ համալսարաններուն մէջ վերսկսելու որոշում կայացուցած է: Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը: «Յարգելի ուսանողներ եւ դասախօսներ, այսօր պարէտատան հետ քննարկման աւարտին որոշում կայացուեցաւ վերսկսելու դասընթացքները նաեւ համալսարաններուն մէջ: 1 Սեպտեմբերին դասապահերը պիտի մեկնարկի միայն պաքալաւրի առաջին տարուան ուսանողներուն համար: Դասերու մեկնարկման կարգի եւ դասացուցակներու մասին տեղեկացէք բուհերու պաշտօնական կայքերէն»,- գրած է նախարարը: Յարութիւնեանը յայտնած է, որ միւս բոլոր ուսանողներուն համար դասերու մեկնարկը պիտի տրուի 15 սեպտեմբերին: «Բուհերու ղեկավարներու հետ հանդիպման նաեւ արձանագրուած է, որ բուհերը իրենք պիտի որոշեն դասերու կազմակերպման
18 Օգոստոսի 2020
4 ր. ընթերցում
Սեպտեմբեր 15-էն բուհերը պիտի վերսկսին դասերը. Արայիկ Յարութիւնեան

Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան իրաւական ռեժիմի պարէտատունը դասընթացքները նաեւ համալսարաններուն մէջ վերսկսելու որոշում կայացուցած է: Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին գրած է ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Յարգելի ուսանողներ եւ դասախօսներ, այսօր պարէտատան հետ քննարկման աւարտին որոշում կայացուեցաւ վերսկսելու դասընթացքները նաեւ համալսարաններուն մէջ: 1 Սեպտեմբերին դասապահերը պիտի մեկնարկի միայն պաքալաւրի առաջին տարուան ուսանողներուն համար: Դասերու մեկնարկման կարգի եւ դասացուցակներու մասին տեղեկացէք բուհերու պաշտօնական կայքերէն»,- գրած է նախարարը:

Յարութիւնեանը յայտնած է, որ միւս բոլոր ուսանողներուն համար դասերու մեկնարկը պիտի տրուի 15 սեպտեմբերին:

«Բուհերու ղեկավարներու հետ հանդիպման նաեւ արձանագրուած է, որ բուհերը իրենք պիտի որոշեն դասերու կազմակերպման եղանակը` այն իրականացնելով տարբեր եղանակով` առկայ եւ հեռավար: Մանրամասները բուհերը պիտի հրապարակեն իրենց կայքերուն մէջ եւ դասացուցակի մասին պիտի յայտնեն լրացուցիչ»,- նշած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

ԿԳՄՍ նախարարը աւելցուցած է, որ հակահամաճարակային կանոններու որակեալ պահպանումը դասերու անընդհատութեան ապահովման գրաւականն է: Այս ամէնուն պատշաճ չվերաբերելու պարագային սահմանափակումներն անխուսափելի են:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 846-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 41 846-ի

Երկու մարդ զոհուած է Պելառուսիոյ մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ
Յաջորդ նիւթը

Երկու մարդ զոհուած է Պելառուսիոյ մէջ բողոքի ցոյցերու ժամանակ

ԱնցնիլՎեր