Սիւնիքի մարզի որեւէ համայնք շրջափակման մէջ չէ. ԱԽ քարտուղար

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը կը վստահեցնէ, որ Սիւնիքի մարզի որեւէ համայնք շրջափակման մէջ չէ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, Արմէն Գրիգորեանն այդ մասին ըսաւ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Ատրպէյճանի կողմէ Գորիս-Կապան ճանապարհի խնդրայարոյց հատուածին մէջ մաքսակէտեր դնելէ ետք Սիւնիքի մարզի բնակավայրերը չեն յայտնուիր շրջափակման մէջ: «Ի հարկէ, ճանապարհների որակը շատ բարձր մակարդակի չէ, բայց վերջին շրջանում լայնածաւալ աշխատանքներ են կատարուել ճանապարհները գոնէ գրունտային մակարդակում բարեկարգելու համար, այդ աշխատանքները շարունակուում են: Համոզուած ենք, որ կ’ունենանք ասֆալտապատ ճանապարհ»,- ըսաւ Գրիգորեանը: ԱԽ քարտուղարի խօսքով` Գորիս-Կապան ճանապարհի խնդրայարոյց հատուածին յարող բնակավայրերուն մէջ որեւէ հաղորդակցային խնդիր չառաջանար։
11 Նոյեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Սիւնիքի մարզի որեւէ համայնք շրջափակման մէջ չէ. ԱԽ քարտուղար

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը կը վստահեցնէ, որ Սիւնիքի մարզի որեւէ համայնք շրջափակման մէջ չէ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, Արմէն Գրիգորեանն այդ մասին ըսաւ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Ատրպէյճանի կողմէ Գորիս-Կապան ճանապարհի խնդրայարոյց հատուածին մէջ մաքսակէտեր դնելէ ետք Սիւնիքի մարզի բնակավայրերը չեն յայտնուիր շրջափակման մէջ:

«Ի հարկէ, ճանապարհների որակը շատ բարձր մակարդակի չէ, բայց վերջին շրջանում լայնածաւալ աշխատանքներ են կատարուել ճանապարհները գոնէ գրունտային մակարդակում բարեկարգելու համար, այդ աշխատանքները շարունակուում են: Համոզուած ենք, որ կ’ունենանք ասֆալտապատ ճանապարհ»,- ըսաւ Գրիգորեանը:

ԱԽ քարտուղարի խօսքով` Գորիս-Կապան ճանապարհի խնդրայարոյց հատուածին յարող բնակավայրերուն մէջ որեւէ հաղորդակցային խնդիր չառաջանար։

Փարիզի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը
Նախորդ նիւթը

Փարիզի մէջ կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու հանդիպումը

Սուրէն Պապիկեան նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար
Յաջորդ նիւթը

Սուրէն Պապիկեան նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար

ԱնցնիլՎեր