Սպիտակ տունը նշած է Պայտընի վարչակազմի առաջնահերթութիւնները

20 Յունուարին տեղի ունեցած երդման արարողութեամբ, Միացեալ Նահանգներու 46րդ նախագահը դարձաւ Ճօ Պայտըն: ԱՄՆ 46-րդ նախագահ Ճօ Պայտընի քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան պայքարը «Քորոնա» ժահրի դէմ, կլիման, ցեղային անարդարութիւնը, տնտեսութիւնը, առողջապահութիւնը, ներգաղթը եւ ԱՄՆ դիրքերու վերականգնումն աշխարհի մէջ: Այս մասին ըսուած է Սպիտակ տան տարածած յայտարարութեան մէջ: «Նախագահ Պայտըն պիտի զբաղի աշխոյժ գործերով եւ ամերիկեան ընտանիքներուն տրամադրուելիք անյապաղ օգնութեամբ այն ժամանակահատուածին, երբ երկիրը միաժամանակ կը պայքարի մի քանի ճգնաժամերու դէմ: Այն կը ներառէ «Քովիտ-19»-ի համավարակի դէմ պայքարին ուղղուած գործողութիւնները, պայքարը կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ եւ ցեղային արդարութեան առաջխաղացումը, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ ԱՄՆ դիրքերու վերականգնումը», -ըսուած է Սպիտակ տան կայքին մէջ
21 Հունվարի 2021
3 ր. ընթերցում
Սպիտակ տունը նշած է Պայտընի վարչակազմի առաջնահերթութիւնները

20 Յունուարին տեղի ունեցած երդման արարողութեամբ, Միացեալ Նահանգներու 46րդ նախագահը դարձաւ Ճօ Պայտըն:

ԱՄՆ 46-րդ նախագահ Ճօ Պայտընի քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան պայքարը «Քորոնա» ժահրի դէմ, կլիման, ցեղային անարդարութիւնը, տնտեսութիւնը, առողջապահութիւնը, ներգաղթը եւ ԱՄՆ դիրքերու վերականգնումն աշխարհի մէջ: Այս մասին ըսուած է Սպիտակ տան տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Նախագահ Պայտըն պիտի զբաղի աշխոյժ գործերով եւ ամերիկեան ընտանիքներուն տրամադրուելիք անյապաղ օգնութեամբ այն ժամանակահատուածին, երբ երկիրը միաժամանակ կը պայքարի մի քանի ճգնաժամերու դէմ: Այն կը ներառէ «Քովիտ-19»-ի համավարակի դէմ պայքարին ուղղուած գործողութիւնները, պայքարը կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ եւ ցեղային արդարութեան առաջխաղացումը, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ ԱՄՆ դիրքերու վերականգնումը», -ըսուած է Սպիտակ տան կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

ԱՄՆ-ի դիրքերը աշխարհի մէջ ամրապնդելու համար Պայտըն մտադիր է «ամրապնդել ազգային անվտանգութիւնը, վերականգնել ժողովրդավարական միութիւնները աշխարհով մէկ»: 

Հայ համայնքի դիմումով Պաֆոսի քաղաքապետարանը Թալէաթ Փաշայ փողոցը վերանուանած է Արդարութեան փողոց
Նախորդ նիւթը

Հայ համայնքի դիմումով Պաֆոսի քաղաքապետարանը Թալէաթ Փաշայ փողոցը վերանուանած է Արդարութեան փողոց

Իրանի ԱԳ նախարարը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Ռուսաստան, Հայաստան եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներ
Յաջորդ նիւթը

Իրանի ԱԳ նախարարը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Ռուսաստան, Հայաստան եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներ

ԱնցնիլՎեր