Ստեփանակերտի մէջ խմելու ջուրի հարցը՝ օրախնդիր

Ջերմաստիճանի աննախադէպ բարձրացմամբ պայմանաւորուած՝ Ստեփանակերտի մէջ խմելու ջուրի խնդիրը կը շարունակէ մնալ օրախնդիր: Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։ ՆԳ նախարարութեան ԱԻ պետական ծառայութեան եւ «Ջրմուղ կոյուղի» ՓԲԸ հետ համատեղ ստեղծուած աշխատանքային խումբը գիշեր-ցերեկ ջուր կը մատակարարէ Ստեփանակերտի բնակիչներուն: Որոշակի ժամանակացոյցով ջուր մատակարարելու համար ծառայութիւնը գործի դրած է ամբողջ ներուժը: Հրշէջ մեքենաները կը շրջին փողոցներով եւ խմելու կենարար ջուրը կը հասցնեն բնակչութեան: Փրկարարները կ’օգնեն նաեւ տարեց եւ հաշմանդամութեան խնդիր ունեցող մարդոց: Այս պահուն ջուրի խնդիր ունի մայրաքաղաքի մօտ 30 տոկոսը: ՆԳ նախարար Կարէն Սարգսեանի հրամանով՝ ջրամատակարարումը պիտի իրականացուի այնքան ժամանակ՝ մինչեւ վերջնականապէս լուծում ստանայ խմելու ջուրի հարցը: Երէկ ջրամատակարարումը շարունակուած է
13 Օգոստոսի 2021
3 ր. ընթերցում
Ստեփանակերտի մէջ խմելու ջուրի հարցը՝ օրախնդիր

Ջերմաստիճանի աննախադէպ բարձրացմամբ պայմանաւորուած՝ Ստեփանակերտի մէջ խմելու ջուրի խնդիրը կը շարունակէ մնալ օրախնդիր: Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն։

ՆԳ նախարարութեան ԱԻ պետական ծառայութեան եւ «Ջրմուղ կոյուղի» ՓԲԸ հետ համատեղ ստեղծուած աշխատանքային խումբը գիշեր-ցերեկ ջուր կը մատակարարէ Ստեփանակերտի բնակիչներուն:
Որոշակի ժամանակացոյցով ջուր մատակարարելու համար ծառայութիւնը գործի դրած է ամբողջ ներուժը:

Հրշէջ մեքենաները կը շրջին փողոցներով եւ խմելու կենարար ջուրը կը հասցնեն բնակչութեան: Փրկարարները կ’օգնեն նաեւ տարեց եւ հաշմանդամութեան խնդիր ունեցող մարդոց:

Այս պահուն ջուրի խնդիր ունի մայրաքաղաքի մօտ 30 տոկոսը: ՆԳ նախարար Կարէն Սարգսեանի հրամանով՝ ջրամատակարարումը պիտի իրականացուի այնքան ժամանակ՝ մինչեւ վերջնականապէս լուծում ստանայ խմելու ջուրի հարցը:

Երէկ ջրամատակարարումը շարունակուած է առաւօտէն՝ ուշ գիշեր, վերսկսած՝ լուսաբացին: Աշխատանքին հետեւած է ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն Մեխակ Արզումանեանը:

Հայաստանն անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս կ'աջակցի Յունաստանին․ ԱԳՆ խօսնակ
Նախորդ նիւթը

Հայաստանն անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս կ’աջակցի Յունաստանին․ ԱԳՆ խօսնակ

Ռուսիոյ ՊՆ-ն հաստատած է Արցախի ՊԲ տարածած հաղորդագրութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Ռուսիոյ ՊՆ-ն հաստատած է Արցախի ՊԲ տարածած հաղորդագրութիւնը

ԱնցնիլՎեր