Ստորագրուած է Հայաստան-ԵՄ Ընդհանուր օդագնացութեան համաձայնագիրը

Պրիւքսէլի մէջ նոյեմբեր 15-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարհրին ու ԵՄ խորհուրդին մէջ նախագահող Սլովենիոյ ԱԳ պետական քարտուղար Սթանիսլաւ Ռասչանը ստորագրած են ՀՀ-ԵՄ Ընդհանուր աւիացիոն (օդագնացութեան) համաձայնագիրը։  Այս մասին յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն, նշելով, որ նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդէս եկած է ելոյթով, որուն մէջ, մասնաւորապէս, ըսած է. «Այսօր Ընդհանուր աւիացիոն (օդագնացութեան) համաձայնագրի ստորագրումը եւս մէկ կարեւոր նշաձող է Եւրամիութեան եւ նրա 27 անդամ երկրների հետ մեր յարաբերութիւններում։ Ցանկանում եմ իմ անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր նրանց, ովքեր այսօրուայ իրադարձութիւնը իրականութիւն են դարձրել. Եւրոպական յանձնաժողովում, Խորհրդում եւ Սլովենիայի նախագահութիւնում մեր գործընկերներին, Հայաստանում բոլոր համապատասխան պատկան մարմիններին եւ Պրիւսէլում մեր դիւանագիտական առաքելութեանը։
16 Նոյեմբերի 2021
6 ր. ընթերցում
Ստորագրուած է Հայաստան-ԵՄ Ընդհանուր օդագնացութեան համաձայնագիրը

Պրիւքսէլի մէջ նոյեմբեր 15-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվըր Վարհրին ու ԵՄ խորհուրդին մէջ նախագահող Սլովենիոյ ԱԳ պետական քարտուղար Սթանիսլաւ Ռասչանը ստորագրած են ՀՀ-ԵՄ Ընդհանուր աւիացիոն (օդագնացութեան) համաձայնագիրը։ 

Այս մասին յայտնած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն, նշելով, որ նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդէս եկած է ելոյթով, որուն մէջ, մասնաւորապէս, ըսած է.

«Այսօր Ընդհանուր աւիացիոն (օդագնացութեան) համաձայնագրի ստորագրումը եւս մէկ կարեւոր նշաձող է Եւրամիութեան եւ նրա 27 անդամ երկրների հետ մեր յարաբերութիւններում։

Ցանկանում եմ իմ անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր նրանց, ովքեր այսօրուայ իրադարձութիւնը իրականութիւն են դարձրել. Եւրոպական յանձնաժողովում, Խորհրդում եւ Սլովենիայի նախագահութիւնում մեր գործընկերներին, Հայաստանում բոլոր համապատասխան պատկան մարմիններին եւ Պրիւսէլում մեր դիւանագիտական առաքելութեանը։

Մօտ ապագայում սոյն Համաձայնագրի վաւերացումն ու ուժի մէջ մտնելը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծի Հայաստանում աւիացիոն (օդագնացութեան) ոլորտի զարգացման համար՝ դիւրացնելով Հայաստանի քաղաքացիներու կապը եւրոպական այլ երկիրներու հետ։

ԵՄ ընդհանուր աւիացիոն գօտուն՝ աւիացիոն ծառայութիւնների միասնական շուկային միանալը կը նպաստի ԵՄ աւիացիոն ստանդարտների (չափանիշ) ընդունմանը, աւիացիոն կանոնների կիրառմանը եւ կը զարգացնի հետագայ համագործակցութիւնը աւիացիոն անվտանգութեան ոլորտում:  Այս ամէնից կը շահեն ազգային աւիաընկերութիւնները եւ, ի հարկէ, անհատ ճանապարհորդները։

Համոզուած եմ, որ Համաձայնագիրը կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ առեւտրի, զբօսաշրջութեան, ներդրումների եւ, ընդհանուր առմամբ՝ տնտեսական ու սոցիալական (ընկերային) զարգացման խթանման համար, ինչպէս նաեւ կը խթանի մարդկանց միջեւ շփումները եւ կապահովի աւելի մեծ շարժունակութեան հնարաւորութիւններ»:

Ատրպէյճանը կը շարունակէ ԼՂ-ը շրջափակման մէջ ձգելու փորձերը․ ՀՀ ԱԳ նախարարի ելոյթը Արեւելեան գործընկերութեան հանդիպման
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանը կը շարունակէ ԼՂ-ը շրջափակման մէջ ձգելու փորձերը․ ՀՀ ԱԳ նախարարի ելոյթը Արեւելեան գործընկերութեան հանդիպման

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կոչ ըրած են Հայաստանին ու Ատրպէյճանին թուլացնելու լարուածութիւնը
Յաջորդ նիւթը

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կոչ ըրած են Հայաստանին ու Ատրպէյճանին թուլացնելու լարուածութիւնը

ԱնցնիլՎեր