Սփիւռքահայ բարերարները ՀՀ ՊՆ-ին նուիրած են թեթեւ ամենագնացներ

Հոկտեմբեր 8-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանը ՊՆ վարչական համալիրին մէջ ընդունած է սփիւռքահայ բարերարներ, որոնք պաշտպանական գերատեսչութեան, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու եւ շրջակայ միջավայրի նախարարութիւններուն նուիրած են թեթեւ ամենագնացներու խմբաքանակ: Ողջունելով հիւրերը՝ Արշակ Կարապետեան հաւաստիացուցած է, որ թէեւ կը կատարուի առաւելագոյնը` զինուած ուժերը օր առաջ անհրաժեշտ ինքնաշարժներով համալրելու համար, այնուհանդերձ, Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին աջակցելու պատրաստակամութեան այսպիսի դրսեւորումները ողջունելի են եւ, միաժամանակ, կ՝ամրապնդեն բանակ-հասարակութիւն կապը։ Զինուած ուժերուն ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար, պաշտպանութեան նախարարի հրամանով, սփիւռքահայ բարերարները պարգեւատրուած են «Ռազմական համագործակցութեան համար» մետալով:
9 Հոկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
Սփիւռքահայ բարերարները ՀՀ ՊՆ-ին նուիրած են թեթեւ ամենագնացներ

Հոկտեմբեր 8-ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Արշակ Կարապետեանը ՊՆ վարչական համալիրին մէջ ընդունած է սփիւռքահայ բարերարներ, որոնք պաշտպանական գերատեսչութեան, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու եւ շրջակայ միջավայրի նախարարութիւններուն նուիրած են թեթեւ ամենագնացներու խմբաքանակ:

Ողջունելով հիւրերը՝ Արշակ Կարապետեան հաւաստիացուցած է, որ թէեւ կը կատարուի առաւելագոյնը` զինուած ուժերը օր առաջ անհրաժեշտ ինքնաշարժներով համալրելու համար, այնուհանդերձ, Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին աջակցելու պատրաստակամութեան այսպիսի դրսեւորումները ողջունելի են եւ, միաժամանակ, կ՝ամրապնդեն բանակ-հասարակութիւն կապը։

Զինուած ուժերուն ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար, պաշտպանութեան նախարարի հրամանով, սփիւռքահայ բարերարները պարգեւատրուած են «Ռազմական համագործակցութեան համար» մետալով:

Մալխաս Ամոյեանը՝ Աշխարհի ախոյեան
Նախորդ նիւթը

Մալխաս Ամոյեանը՝ Աշխարհի ախոյեան

Անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները․ Պասկերու երկրի խորհրդարանի պահանջը՝ Ատրպէյճանին
Յաջորդ նիւթը

Անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները․ Պասկերու երկրի խորհրդարանի պահանջը՝ Ատրպէյճանին

ԱնցնիլՎեր