Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փաշինեան, Ալիեւ եւ Փութին երեքով զրուցած են

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ ԱՊՀ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովի ծիրէն ներս եռակողմ զրոյց տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ: «Մենք ձեզի հետ դեռ երէկ սկսանք զրոյցը, եւ յջողեցանք երեքով խօսիլ։ Ի հարկէ, գլխաւոր հարցը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու, եւ ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կարգաւորումն է, այն ամէնը, որ կապուած է Ղարաբաղի հետ։ Ինչպէս եւ պայմանաւորուած էինք, այս բոլոր մանրամասները կը քննարկենք», — ըսած Է Փութին Հայաստանի վարչապետի հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ: ՌԴ նախագահը խօսած է նաեւ տնտեսական ոլորտի մէջ հայ–ռուսական համագործակցութեան մասին։ «Ընթացիկ տարուան 10 ամիսներու ընթացքին ապրանքաշրջանառութեան 73 տոկոս աճը
27 Դեկտեմբերի 2022
5 ր. ընթերցում
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փաշինեան, Ալիեւ եւ Փութին երեքով զրուցած են

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած է, որ ԱՊՀ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովի ծիրէն ներս եռակողմ զրոյց տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ:

«Մենք ձեզի հետ դեռ երէկ սկսանք զրոյցը, եւ յջողեցանք երեքով խօսիլ։ Ի հարկէ, գլխաւոր հարցը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու, եւ ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կարգաւորումն է, այն ամէնը, որ կապուած է Ղարաբաղի հետ։ Ինչպէս եւ պայմանաւորուած էինք, այս բոլոր մանրամասները կը քննարկենք», — ըսած Է Փութին Հայաստանի վարչապետի հետ երկկողմ հանդիպման ժամանակ:

ՌԴ նախագահը խօսած է նաեւ տնտեսական ոլորտի մէջ հայ–ռուսական համագործակցութեան մասին։ «Ընթացիկ տարուան 10 ամիսներու ընթացքին ապրանքաշրջանառութեան 73 տոկոս աճը լաւ արդիւնք է»,–ըսած է ան։

Նշենք, որ երէկ` 26 դեկտեմբերին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սան Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու ոչ-պաշտօնական գագաթաժողովին:

Գագաթնաժողովին մասնակցած են նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը, Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը, Ուզպեքստանի նախագահ Շաւքաթ Միրզիյոեւը, Թուրքմէնստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԱՊՀ տարածքին համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:

Մինչ գագաթնաժողովի մեկնարկը տեղի ունեցած է հանդիպման մասնակիցներու տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը, այնուհետեւ ներկաները ողջունած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:

Գագաթնաժողովն աւարտած է ԱՊՀ պետութիւններու առաջնորդներու աշխատանքային ճաշով:

«Ստացւում է, որ միջանցքը խաղաղապահների վերահսկողութեան ներքոյ չէ». Փաշինեան՝ Փութինին
Նախորդ նիւթը

«Ստացւում է, որ միջանցքը խաղաղապահների վերահսկողութեան ներքոյ չէ». Փաշինեան՝ Փութինին

Մեր Ժողովուրդին Կը Սպառնայ Նոր Ցեղասպանութեան Վտանգ, Որ Պէտք Է Կանխել
Յաջորդ նիւթը

Մեր Ժողովուրդին Կը Սպառնայ Նոր Ցեղասպանութեան Վտանգ, Որ Պէտք Է Կանխել

ԱնցնիլՎեր