Վարչապետը աւակցական հեռագրեր յղած է Իրանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Թեհրանի շրջակայքը տեղի ունեցած ողբերգական օդանաւային վթարի կապակցութեամբ ցաւակցական հեռագրեր յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտոմիր Զելենսքիին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիին, կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:  Ուքրանիոյ նախագահին յղուած հեռագրին մէջ ըսուած է. «Յարգելի պարոն Զելենսքի, Խոր վիշտով ստացայ Թեհրանի մօտակայքը «Ուքրանիոյ միջազգային օդագնացութեան ուղիներ»-ուն պատկանող օդանաւի կործանման ցաւալի լուրը: Հայ ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Այս դժուարին պահին մենք Ուքրանիոյ բարեկամ ժողովուրդի կողքին ենք»: Իրանի նախագահին յղուած հեռագրին մէջ ըսուած է. «Ձերդ Գերազանցութիւն, Ցաւով տեղեկացայ 8 յունուարին Թեհրանի շրջակայքը տեղի ունեցած ողբերգական
9 Հունվարի 2020
3 ր. ընթերցում
Վարչապետը աւակցական հեռագրեր յղած է Իրանի եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Թեհրանի շրջակայքը տեղի ունեցած ողբերգական օդանաւային վթարի կապակցութեամբ ցաւակցական հեռագրեր յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտոմիր Զելենսքիին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիին, կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: 

Ուքրանիոյ նախագահին յղուած հեռագրին մէջ ըսուած է.

«Յարգելի պարոն Զելենսքի,

Խոր վիշտով ստացայ Թեհրանի մօտակայքը «Ուքրանիոյ միջազգային օդագնացութեան ուղիներ»-ուն պատկանող օդանաւի կործանման ցաւալի լուրը:

Հայ ժողովուրդի եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ զոհուածներու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Այս դժուարին պահին մենք Ուքրանիոյ բարեկամ ժողովուրդի կողքին ենք»:

Իրանի նախագահին յղուած հեռագրին մէջ ըսուած է.

«Ձերդ Գերազանցութիւն,

Ցաւով տեղեկացայ 8 յունուարին Թեհրանի շրջակայքը տեղի ունեցած ողբերգական օդանաւային վթարի մասին, որ տասնեակ մարդկային զոհերու պատճառ դարձած է:  Հայ ժողովուրդի անունով իմ խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ Ձեզ, զոհուածներու ընտանիքներուն եւ Իրանի բարեկամ ժողովուրդին»:  

Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը՝ 2 965 300. ամենացած թիւը 1990-էն ի վեր
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մշտական բնակչութիւնը՝ 2 965 300. ամենացած թիւը 1990-էն ի վեր

Ղարաբաղի հակամարտութեան համար կարեւոր տարի. ԵԱՀԿ նախագահ
Յաջորդ նիւթը

Ղարաբաղի հակամարտութեան համար կարեւոր տարի. ԵԱՀԿ նախագահ

ԱնցնիլՎեր