Վարչապետը յարգած է Մարտի 1-ի զոհերուն յիշատակը

Այսօր կը լրանայ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 14-րդ տարին: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ալէն Սիմոնեանը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այսօր վաղ առաւօտեան Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցած են զոհերու յիշատակին: 2008 թուականի Մարտ 1-ի վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ: Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին վրայ եւ անոր մերձակայքը գտնուող ցուցարարներուն եւ ուժայիններուն միջեւ սկիզբ առած բախումներուն հետեւանքով տասը մարդ զոհուեցաւ, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան: 2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններէն 14 տարի անցած է, բայց 10 զոհերու մահուան հանգամանքները
1 Մարտի 2022
2 ր. ընթերցում
Վարչապետը յարգած է Մարտի 1-ի զոհերուն յիշատակը

Այսօր կը լրանայ մարտիմէկեան արիւնալի իրադարձութիւններու 14-րդ տարին:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Հայաստանի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ալէն Սիմոնեանը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այսօր վաղ առաւօտեան Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցած են զոհերու յիշատակին:

2008 թուականի Մարտ 1-ի վաղ առաւօտեան ոստիկանները յարձակեցան Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ գիշերող ընդդիմադիր ցուցարարներուն վրայ, որոնք իրենց բողոքը կը յայտնին նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական արդիւնքներուն դէմ:

Նոյն օրը աւելի ուշ Ալեքսանտր Միասնիկեանի արձանին յարող հրապարակին վրայ եւ անոր մերձակայքը գտնուող ցուցարարներուն եւ ուժայիններուն միջեւ սկիզբ առած բախումներուն հետեւանքով տասը մարդ զոհուեցաւ, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուեցան:

2008-ի յետընտրական արիւնալի իրադարձութիւններէն 14 տարի անցած է, բայց 10 զոհերու մահուան հանգամանքները ցայսօր պարզուած չեն:

Զելենսքին Ուքրանիոյ՝ ԵՄ-ի անդամ դառնալու դիմում ստորագրած է
Նախորդ նիւթը

Զելենսքին Ուքրանիոյ՝ ԵՄ-ի անդամ դառնալու դիմում ստորագրած է

Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Մաքրոնի հետ
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Մաքրոնի հետ

ԱնցնիլՎեր