Վարչապետը ներկայ գտնուած է Երեւանի մէջ հագուստի նոր արտադրամասերու բացման

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Երեւանի մէջ ներկայ գտնուած է հագուստի արտադրութեան նոր գործարաններու բացման արարողութեան: Մէկ մասնաշէնքին մէջ գործունէութիւն պիտի ծաւալեն «Ալեքս թեքսթիլ», «Սարթեքս» «Ասա Գարմենթ» ապրանքանիշերու կարի գործարանները: Վարչապետը շրջայց կատարած է արտադրամասեր՝ ծանօթացած է արտադրական գործունէութեանն ու տեսականիին: Գործադիրի ղեկավարը ողջունած է թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը եւ նշած, որ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է իր գործիքակազմերու շրջածիրէն ներս աջակցելու  ոլորտի զարգացմանն ու առաջընթացին: Վարչապետի աշխատակազմը յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ, կարի արտադրամասերուն մէջ ներկայիս ստեղծուած է 1000 նոր աշխատատեղ, սակայն յառաջիկային այդ թիւը կը նախատեսուի հասցնել 3 հազարի: Գործարաններուն մէջ պիտի արտադրուին բաճկոններ, կաշի կտոր, գործուած
2 Նոյեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Վարչապետը ներկայ գտնուած է Երեւանի մէջ հագուստի նոր արտադրամասերու բացման

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Երեւանի մէջ ներկայ գտնուած է հագուստի արտադրութեան նոր գործարաններու բացման արարողութեան: Մէկ մասնաշէնքին մէջ գործունէութիւն պիտի ծաւալեն «Ալեքս թեքսթիլ», «Սարթեքս» «Ասա Գարմենթ» ապրանքանիշերու կարի գործարանները:

Վարչապետը շրջայց կատարած է արտադրամասեր՝ ծանօթացած է արտադրական գործունէութեանն ու տեսականիին: Գործադիրի ղեկավարը ողջունած է թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը եւ նշած, որ ՀՀ կառավարութիւնը պատրաստ է իր գործիքակազմերու շրջածիրէն ներս աջակցելու  ոլորտի զարգացմանն ու առաջընթացին:

Վարչապետի աշխատակազմը յայտնած է, որ ընդհանուր առմամբ, կարի արտադրամասերուն մէջ ներկայիս ստեղծուած է 1000 նոր աշխատատեղ, սակայն յառաջիկային այդ թիւը կը նախատեսուի հասցնել 3 հազարի: Գործարաններուն մէջ պիտի արտադրուին բաճկոններ, կաշի կտոր, գործուած հագուստ:

Մնացականեան. Փակուղի չենք տեսներ, կը շարունակենք հանգիստ աշխատիլ բանակցային գործընթացի շուրջ
Նախորդ նիւթը

Մնացականեան. Փակուղի չենք տեսներ, կը շարունակենք հանգիստ աշխատիլ բանակցային գործընթացի շուրջ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ ԱԳ նախարար Պրն. Զոհրապ Մնացականեանին
Յաջորդ նիւթը

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ ԱԳ նախարար Պրն. Զոհրապ Մնացականեանին

ԱնցնիլՎեր