Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմի հետ, նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեանի եւ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար՝ Օննիկ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ: ՀՀ Զինուած Ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը վարչապետին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի՝ Տաւուշի ուղղութեամբ, վերջին երկու օրերուն հակառակորդի կողմէն սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, հակառակորդի գործողութիւնները զսպելու ուղղութեամբ հայկական զինուժի կողմէ իրականացուող պատժիչ քայլերը: Ընդգծուած է, որ իրավիճակը կը գտնուի ՀՀ զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ստեղծուած իրադրութեան հնարաւոր զարգացումներն ու Զինուած Ուժերու համարժէք գործողութիւնները: Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ ՀՀ զինուած ուժերը հերթական անգամ ապացուցած են, որ մեզի հետ կարելի
15 Հուլիսի 2020
3 ր. ընթերցում
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմի հետ, նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեանի եւ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար՝ Օննիկ Գասպարեանի գլխաւորութեամբ:

ՀՀ Զինուած Ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը վարչապետին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի՝ Տաւուշի ուղղութեամբ, վերջին երկու օրերուն հակառակորդի կողմէն սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, հակառակորդի գործողութիւնները զսպելու ուղղութեամբ հայկական զինուժի կողմէ իրականացուող պատժիչ քայլերը:

Ընդգծուած է, որ իրավիճակը կը գտնուի ՀՀ զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ստեղծուած իրադրութեան հնարաւոր զարգացումներն ու Զինուած Ուժերու համարժէք գործողութիւնները:

Վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ ՀՀ զինուած ուժերը հերթական անգամ ապացուցած են, որ մեզի հետ կարելի չէ խօսիլ ուժի դիրքերէն:

Կը զօրակցինք Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան եւ Հայոց հերոսական բանակին
Նախորդ նիւթը

Կը զօրակցինք Վարչապետ Փաշինեանի կառավարութեան եւ Հայոց հերոսական բանակին

Իրականացուող գործողութիւններուն պարտադիր ժամկէտային ոչ մէկ զինծառայող ներգրաւուած է. Մովսէս Յակոբեան
Յաջորդ նիւթը

Իրականացուող գործողութիւններուն պարտադիր ժամկէտային ոչ մէկ զինծառայող ներգրաւուած է. Մովսէս Յակոբեան

ԱնցնիլՎեր