Վարչապետ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Երկրորդի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Համայն Վրաստանի պատրիարք Իլիա Երկրորդի հետ: Վրաստանի հոգեւոր առաջնորդը ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցը եւ վստահութիւն յայտնած, որ անիկա պիտի նպաստէ հայ-վրացական կապերու յետագայ զարգացման: «Մենք կ՛ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ, բայց այդ դժուարութիւնները մենք պէտք է յաղթահարենք միասին: Յոյս ունիմ, որ մեր եկեղեցիներու յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն եղբայրական ըլլալ եւ պիտի նպաստեն երկու ժողովուրդներու փոխգործակցութեան յետագայ զարգացման»,- ըսած է Իլիա Երկրորդը: Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած ջերմ ընդունելութեան համար եւ նկատել տուած, որ առաջին անգամ Իլիա Երկրորդի հետ հանդիպում ունեցած է 2018-ի Յունիսին, որմէ պահպանած է ջերմ յիշողութիւններ: «Այս ընթացքին մեր յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած է դրական շատ բան,
3 Մարտի 2020
5 ր. ընթերցում
Վարչապետ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է Համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Երկրորդի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Համայն Վրաստանի պատրիարք Իլիա Երկրորդի հետ:

Վրաստանի հոգեւոր առաջնորդը ողջունած է վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցը եւ վստահութիւն յայտնած, որ անիկա պիտի նպաստէ հայ-վրացական կապերու յետագայ զարգացման: «Մենք կ՛ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ, բայց այդ դժուարութիւնները մենք պէտք է յաղթահարենք միասին: Յոյս ունիմ, որ մեր եկեղեցիներու յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն եղբայրական ըլլալ եւ պիտի նպաստեն երկու ժողովուրդներու փոխգործակցութեան յետագայ զարգացման»,- ըսած է Իլիա Երկրորդը:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած ջերմ ընդունելութեան համար եւ նկատել տուած, որ առաջին անգամ Իլիա Երկրորդի հետ հանդիպում ունեցած է 2018-ի Յունիսին, որմէ պահպանած է ջերմ յիշողութիւններ: «Այս ընթացքին մեր յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած է դրական շատ բան, մենք յաջողած ենք այնպէս ընել, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները շարունակեն զարգանալ»,- ըսած է վարչապետը: Ան ընդգծած է, որ երկու ժողովուրդներու` քրիստոնէական արժեհամակարգին հաւատարմութիւնը եւս մեծ դեր կը խաղայ քաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ: «Ձեր աւանդը մեծ է այդ գործին մէջ եւ որուն համար կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել»,- ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը աւելցուցած է, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններու խնդիրն է սերտ համագործակցութեամբ իրական փոփոխութիւններու հասնիլ եւ աւելի ամրապնդել փոխգործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ:

Մինչ Համայն Վրաստանի պատրիարքի հետ հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծաղկեպսակ դրած է Թիֆլիսի «Հերոսներ»ու հրապարակի յուշակոթողին եւ յարգանքի տուրք մատուցած:

Վերջին 1.5 տարուան ընթացքին յաջողուած է Վրաստանի հետ համագործակցութեան նոր որակ հաղորդել. տեղի ունեցած է Փաշինեանի եւ Կախարիայի հանդիպումը
Նախորդ նիւթը

Վերջին 1.5 տարուան ընթացքին յաջողուած է Վրաստանի հետ համագործակցութեան նոր որակ հաղորդել. տեղի ունեցած է Փաշինեանի եւ Կախարիայի հանդիպումը

Մեր բոլոր ծրագրերուն հիմքը մարդն է. Մասիս Մայիլեան եւ «Նոր Արցախ»ը քարոզարշաւը կը շարունակեն Մարտունիի մէջ
Յաջորդ նիւթը

Մեր բոլոր ծրագրերուն հիմքը մարդն է. Մասիս Մայիլեան եւ «Նոր Արցախ»ը քարոզարշաւը կը շարունակեն Մարտունիի մէջ

ԱնցնիլՎեր