Վարչապետ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռոպըրթ Օ’Պրայընի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռոպերթ Օ’Պրայընի հետ՝ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն: ՀՀ վարչապետը ԱՄՆ նախագահի խորհրդականի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Ատրպէյճանը ոտնահարելով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ընդունուած բոլոր չափանիշերը եւ անտեսելով ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներու ջանքերը՝ երեք անգամ անընդմէջ խախտած է հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնները, որոնցմէ վերջինը ձեռք բերուած էր ԱՄՆ մայրաքաղաքին մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ այդ հարցով Ատրպէյճանին կը սատարէ Թուրքիան եւ հնարաւոր չէ ապահովել հրադադարի պահպանումը` առանց մատնանշելու, թէ որ կողմը խախտած է այն եւ որոնք շահագրգռուած են պատերազմի շարունակմամբ: Ամերիկեան կողմը
30 Հոկտեմբերի 2020
3 ր. ընթերցում
Վարչապետ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռոպըրթ Օ'Պրայընի հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռոպերթ Օ’Պրայընի հետ՝ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն:

ՀՀ վարչապետը ԱՄՆ նախագահի խորհրդականի ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ Ատրպէյճանը ոտնահարելով միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ընդունուած բոլոր չափանիշերը եւ անտեսելով ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահներու ջանքերը՝ երեք անգամ անընդմէջ խախտած է հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւնները, որոնցմէ վերջինը ձեռք բերուած էր ԱՄՆ մայրաքաղաքին մէջ: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ այդ հարցով Ատրպէյճանին կը սատարէ Թուրքիան եւ հնարաւոր չէ ապահովել հրադադարի պահպանումը` առանց մատնանշելու, թէ որ կողմը խախտած է այն եւ որոնք շահագրգռուած են պատերազմի շարունակմամբ:

Ամերիկեան կողմը հաւաստիացուցած է, որ պիտի շարունակէ միջնորդական գործունէութիւնը հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ եւ կարեւորած է հակամարտութեան մէջ երրորդ ուժերու ներգրաւուածութեան բացառումը:

ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ Իրանի մօտեցումները հանգամանալից կ'ուսումնասիրուին. Զոհրապ Մնացականեան
Նախորդ նիւթը

ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ Իրանի մօտեցումները հանգամանալից կ’ուսումնասիրուին. Զոհրապ Մնացականեան

Այսօր հիւսիսային շրջանին մէջ թշնամին յարձակումը սկսած է աւելի վաղ, դաշտին մէջ թողելով տասնեակ դիակներ. Արծրուն Յովհաննիսեան
Յաջորդ նիւթը

Այսօր հիւսիսային շրջանին մէջ թշնամին յարձակումը սկսած է աւելի վաղ, դաշտին մէջ թողելով տասնեակ դիակներ. Արծրուն Յովհաննիսեան

ԱնցնիլՎեր