ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ Իրանի մօտեցումները հանգամանալից կ’ուսումնասիրուին. Զոհրապ Մնացականեան

29 Հոկտեմբերին ՀՀ ԱԳ նախարար Զորհապ Մնացականեանն ընդունած է աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած Իրանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Ապպաս Արաքճին: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ստեղծուած իրավիճակի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ: Երկուստեք անհանգստութիւն արտայայտուած է դէպի տարածաշրջան Մերձաւոր Արեւելքէն միջազգային ահաբեկիչներու տեղափոխման առնչութեամբ, դիտարկելով այդ որպէս լուրջ սպառնալիք ողջ տարածաշրջանի համար: ԱԳ նախարար Մնացականեանն ընդգծած է, որ Հայաստանը կը հասկնայ Իրանի զգայունութիւնները տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր սպառնալիքներու առնչութեամբ եւ կարեւորած է Իրանի դերը տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման գործին մէջ: Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արաքճին ներկայացուցած է իր երկրի մօտեցումները
30 Հոկտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ Իրանի մօտեցումները հանգամանալից կ'ուսումնասիրուին. Զոհրապ Մնացականեան

29 Հոկտեմբերին ՀՀ ԱԳ նախարար Զորհապ Մնացականեանն ընդունած է աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած Իրանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Ապպաս Արաքճին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ստեղծուած իրավիճակի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ: Երկուստեք անհանգստութիւն արտայայտուած է դէպի տարածաշրջան Մերձաւոր Արեւելքէն միջազգային ահաբեկիչներու տեղափոխման առնչութեամբ, դիտարկելով այդ որպէս լուրջ սպառնալիք ողջ տարածաշրջանի համար:

ԱԳ նախարար Մնացականեանն ընդգծած է, որ Հայաստանը կը հասկնայ Իրանի զգայունութիւնները տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր սպառնալիքներու առնչութեամբ եւ կարեւորած է Իրանի դերը տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման գործին մէջ:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արաքճին ներկայացուցած է իր երկրի մօտեցումները ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման եւ կրակի դադարեցման ռեժիմի հաստատման ուղղութեամբ: Այս ծիրէն ներս ՀՀ ԱԳ նախարարը նշած է, որ ԼՂ հիմնախնդրի վերաբերեալ Իրանի մօտեցումները հանգամանալից կ’ուսումնասիրուին: 

Իր հերթին ՀՀ ԱԳ նախարարը զրուցակցին տեղեկացուցած է 30 հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հետ հանդիպելու եւ այդ ձեւաչափով աշխատանքները շարունակելու մասին:

Սուրէն Բարսեղեանին կը շնորհուի «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում, անոր տեղակալներուն՝ «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ. Արայիկ Յարութիւնեան
Նախորդ նիւթը

Սուրէն Բարսեղեանին կը շնորհուի «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում, անոր տեղակալներուն՝ «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշաններ. Արայիկ Յարութիւնեան

Վարչապետ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռոպըրթ Օ'Պրայընի հետ
Յաջորդ նիւթը

Վարչապետ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռոպըրթ Օ’Պրայընի հետ

ԱնցնիլՎեր