Վարչապետ Փաշինեան դրական նոր տուեալներ ներկայացուց

2019 թուականի առաջին կիսամեակի տուեալներով նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. – Մշակող արդիւնաբերութիւնը աճած է 8,7 տոկոսով: – Կացութեան եւ հանրային սնունդի կազմակերպման ոլորտը աճած է 33,8%-ով: – Օդային փոխադրամիջոցով ուղեւորափոխադրումները աճած են 28,2%-ով: – Առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած  է 8,9% ով: Այս տարուան Յունուար-Յուլիսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշը կազմած է 6,8 տոկոս: Յուլիսին այս տարուան Յունիսի համեմատ տնտեսական աշխոյժութիւնը աճած է 12,8 տոկոսով, կը տեղեկացնէ Վիճակագրական կոմիտէն: Յունուար-Յուլիսին արդիւնաբերական արտադրանքը աճած է 8,4, շինարարութեան ծաւալը՝ 4,5, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 8,9, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 15,2 տոկոսով: Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը նոյն ժամանակահատուածին աճած է 5,9 տոկոսով:
27 Օգոստոսի 2019
3 ր. ընթերցում
Վարչապետ  Փաշինեան  դրական   նոր  տուեալներ  ներկայացուց

2019 թուականի առաջին կիսամեակի տուեալներով նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ.

– Մշակող արդիւնաբերութիւնը աճած է 8,7 տոկոսով:

– Կացութեան եւ հանրային սնունդի կազմակերպման ոլորտը աճած է 33,8%-ով:

– Օդային փոխադրամիջոցով ուղեւորափոխադրումները աճած են 28,2%-ով:

– Առեւտուրի շրջանառութիւնը աճած  է 8,9% ով:

Այս տարուան Յունուար-Յուլիսին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշը կազմած է 6,8 տոկոս: Յուլիսին այս տարուան Յունիսի համեմատ տնտեսական աշխոյժութիւնը աճած է 12,8 տոկոսով, կը տեղեկացնէ Վիճակագրական կոմիտէն:

Յունուար-Յուլիսին արդիւնաբերական արտադրանքը աճած է 8,4, շինարարութեան ծաւալը՝ 4,5, առեւտուրի շրջանառութիւնը՝ 8,9, ծառայութիւններու ծաւալը՝ 15,2 տոկոսով:

Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը նոյն ժամանակահատուածին աճած է 5,9 տոկոսով:
Վերոնշեալ ժամանակահատուածին արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 2,3 տոկոսով: Այդ շարքին՝ 3,0 տոկոսով աճած են արտահանման, 1,9 տոկոսով՝ ներմուծման ծաւալները: 

«Իսթանպուլեան  պայմանադրութիւն»ը   այս տարի խորհրդարանին   մէջ  պիտի չքննարկուի.Նախարարի  յստակացումը
Նախորդ նիւթը

«Իսթանպուլեան պայմանադրութիւն»ը այս տարի խորհրդարանին մէջ պիտի չքննարկուի.Նախարարի յստակացումը

Փաշինեանը  տնտեսական համաժողովի մասնակցութեան համար Լեհաստան պիտի մեկնի
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեանը տնտեսական համաժողովի մասնակցութեան համար Լեհաստան պիտի մեկնի

ԱնցնիլՎեր