Վետիի մէջ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան

ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է վաղաժամկէտ դադրեցնել Արարատի մարզի Վետի համայնքի աւագանիի լիազօրութիւնները:  «Վետի համայնքում նշանակել աւագանու արտահերթ ընտրութիւններ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» ՀՀ սահմանադրական օրէնքով սահմանուած՝ տեղական ինքնակառավարման մարմինների հերթական ընտրութիւնների անցկացման կարգով», կը նշուի կառավարութեան որոշման մէջ: Նշենք, որ Վետիի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու աւագանիի բոլոր թեկնածուները ինքնաբացարկի դիմումներ  ներկայացուցած են: Յիշեցնենք` 5 Դեկտեմբերին կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներով` Վետիի մէջ ամենաշատ ձայներ հաւաքած էր «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը: Կուսակցութեան օգտին 8666 մարդ քուէարկած էր: «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը հաւաքած էր 7690, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 3299 քուէ: Որեւէ ուժ բաւարար ձայներ չէր ստացած միայնակ իշխանութիւն ձեւաւորելու համար:
5 Հունվարի 2022
3 ր. ընթերցում
Վետիի մէջ աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան

ՀՀ կառավարութիւնը որոշած է վաղաժամկէտ դադրեցնել Արարատի մարզի Վետի համայնքի աւագանիի լիազօրութիւնները: 

«Վետի համայնքում նշանակել աւագանու արտահերթ ընտրութիւններ՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» ՀՀ սահմանադրական օրէնքով սահմանուած՝ տեղական ինքնակառավարման մարմինների հերթական ընտրութիւնների անցկացման կարգով», կը նշուի կառավարութեան որոշման մէջ:

Նշենք, որ Վետիի մէջ «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններու աւագանիի բոլոր թեկնածուները ինքնաբացարկի դիմումներ  ներկայացուցած են:

Յիշեցնենք` 5 Դեկտեմբերին կայացած ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներով` Վետիի մէջ ամենաշատ ձայներ հաւաքած էր «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը: Կուսակցութեան օգտին 8666 մարդ քուէարկած էր: «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը հաւաքած էր 7690, իսկ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 3299 քուէ: Որեւէ ուժ բաւարար ձայներ չէր ստացած միայնակ իշխանութիւն ձեւաւորելու համար:

Ղազախստանի նախագահն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը
Նախորդ նիւթը

Ղազախստանի նախագահն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը

Ալմա Աթայի մէջ ցուցարարները ներխուժած են քաղաքապետարանի շէնք եւ գրաւած են նախագահի նստավայրը
Յաջորդ նիւթը

Ալմա Աթայի մէջ ցուցարարները ներխուժած են քաղաքապետարանի շէնք եւ գրաւած են նախագահի նստավայրը

ԱնցնիլՎեր