Վիճակը ծանր է. «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի հետ գործ ունինք. Նիկոլ Փաշինեան

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերաբերեալ երկրին մէջ հաստատուած է բաւական ծանր իրավիճակ, ըստ էութեան, կրնանք ըսել, որ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի հետ գործ ունինք: Այս մասին, 26 մայիսին, պարէտատան նիստէն ետք ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Անոր խօսքով, իրենք քանի օր է կը քննարկեն, թէ որքանով պարէտատան սահմանած կանոնները համարժէք են իրավիճակին. «Մեր քննարկումներու եզրակացութիւնը միանշանակ է, որ պարէտատան կանոնները բովանդակային առումով ազդու են, եւ խնդիրը կը մնայ այդ կանոնները պահպանելը: Ցաւօք, մենք խնդիր ունինք այդ կանոններու պահպանման որակի հետ»,-ըսած է վարչապետը: «Մենք չենք զլանար հարկադրանքի միջոցներ կիրառել, մասնաւորապէս դիմակի կրման հետ կապուած: Մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ
27 Մայիսի 2020
4 ր. ընթերցում
Վիճակը ծանր է. «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի հետ գործ ունինք. Նիկոլ Փաշինեան

«Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերաբերեալ երկրին մէջ հաստատուած է բաւական ծանր իրավիճակ, ըստ էութեան, կրնանք ըսել, որ «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի հետ գործ ունինք: Այս մասին, 26 մայիսին, պարէտատան նիստէն ետք ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Անոր խօսքով, իրենք քանի օր է կը քննարկեն, թէ որքանով պարէտատան սահմանած կանոնները համարժէք են իրավիճակին. «Մեր քննարկումներու եզրակացութիւնը միանշանակ է, որ պարէտատան կանոնները բովանդակային առումով ազդու են, եւ խնդիրը կը մնայ այդ կանոնները պահպանելը: Ցաւօք, մենք խնդիր ունինք այդ կանոններու պահպանման որակի հետ»,-ըսած է վարչապետը:

«Մենք չենք զլանար հարկադրանքի միջոցներ կիրառել, մասնաւորապէս դիմակի կրման հետ կապուած: Մեր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ տնային պայմաններու մէջ պատրաստուած դիմակներու որակեալ կիրառումը արդիւնաւէտ են, կրնան զէրոյացնել ժահրի տարածման յաճախականութիւնը կամ մօտեցնել զէրոյի:

«Այնուամենայնիւ, մինչ այժմ գործադրուած վարչական լծակները աւելի կը խստացուեն, այսօր արդէն սկսած են հանրապետութեան ամենատարբեր հատուածներուն մէջ՝ սկսած ֆիզիքական անձերէ, աւարտած իրաւաբանական անձերով: Խստացուած ստուգումներ կ’իրականացուին միջմարզային ճանապարհներուն, ընդհուպ մինչեւ անցակէտեր կը սահմանուին, որպէսզի ստուգուի` արդեօք ինքնաշարժին մէջ գտնուող բոլոր քաղաքացիները դիմակներ կը կրեն` սահմանուած կանոնի համաձայն:  Բայց դարձեալ կըսեմ` մեր հիմնական ընելիքը մեր սիրելի քաղաքացիներուն հետ երկխօսութիւնն է»,- շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան:

Ռուբէն Հայրապետեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած է
Նախորդ նիւթը

Ռուբէն Հայրապետեանի նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է, կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուած է

Մենք կտրականապէս կը բացառենք ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը եւ կը շարունակենք խաղաղ գործընթացին մեր կառուցողական մասնակցութիւնը. Մնացականեան
Յաջորդ նիւթը

Մենք կտրականապէս կը բացառենք ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը եւ կը շարունակենք խաղաղ գործընթացին մեր կառուցողական մասնակցութիւնը. Մնացականեան

ԱնցնիլՎեր