Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի վրայ արգելանք դրուած է, ան հրաւիրուած է դատախազութիւն

«Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի շրջանակէն ներս իրականացուող ուսումնասիրութեան հետեւանքով նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի վրայ արգելանք դրուած է։ Ան հրաւիրուած է դատախազութիւն: Այս մասին ՀԺ-ին յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը: Դատարանի որոշումով Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի նկատմամբ կիրառուած է հայցի նախնական ապահովման միջոց։ Հարցին՝ որքան արգելանք դրուած է գոյքի չափը, Աբրահամեանը չէ պատասխանած, պարզաբանելով, որ անձնական բնոյթի տեղեկատուութիւն տալու նպատակայարմարութիւն այս պահուն չեն տեսներ: ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդականը նշած է, որ այս պահուն ապօրինի ծագման գոյքի բռնագանձման ընթացիկ ուսումնասիրութեննրէն 3-ը աւարտած են. Յիշեցնենք, որ «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի նախագիծը խորհրդարանն ընդունած է անցած տարի՝ ձայներու 99 կողմ, 1 դէմ,
30 Հունիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի վրայ արգելանք դրուած է, ան հրաւիրուած է դատախազութիւն

«Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի շրջանակէն ներս իրականացուող ուսումնասիրութեան հետեւանքով նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի վրայ արգելանք դրուած է։ Ան հրաւիրուած է դատախազութիւն:

Այս մասին ՀԺ-ին յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանը:

Դատարանի որոշումով Վլատիմիր Գասպարեանի գոյքի նկատմամբ կիրառուած է հայցի նախնական ապահովման միջոց։

Հարցին՝ որքան արգելանք դրուած է գոյքի չափը, Աբրահամեանը չէ պատասխանած, պարզաբանելով, որ անձնական բնոյթի տեղեկատուութիւն տալու նպատակայարմարութիւն այս պահուն չեն տեսներ:

ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդականը նշած է, որ այս պահուն ապօրինի ծագման գոյքի բռնագանձման ընթացիկ ուսումնասիրութեննրէն 3-ը աւարտած են.

Յիշեցնենք, որ «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի նախագիծը խորհրդարանն ընդունած է անցած տարի՝ ձայներու 99 կողմ, 1 դէմ, 15 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ:

Նախագիծով պետութեան իրաւունք կը վերապահուի բռնագանձել ապօրինի ծագում ունեցող գոյքը, եթէ դատարանը որոշէ, որ անոր շուկայական արժէքը հայցի ներկայացման պահուն կը գերազանցէ յիսուն միլիոն դրամը:

Եթէ պատերազմն աւարտեցաւ, ապա ինչու Ալիեւ կը շարունակէ ռազմական զգեստով հանդէս գալ. Ամերիկացի դիւանագէտ
Նախորդ նիւթը

Եթէ պատերազմն աւարտեցաւ, ապա ինչու Ալիեւ կը շարունակէ ռազմական զգեստով հանդէս գալ. Ամերիկացի դիւանագէտ

Գերիներու հարցով առաջընթաց կայ, բայց կան տարակարծութիւններ անոնց կարգավիճակի վերաբերեալ. Մաուրեր
Յաջորդ նիւթը

Գերիներու հարցով առաջընթաց կայ, բայց կան տարակարծութիւններ անոնց կարգավիճակի վերաբերեալ. Մաուրեր

ԱնցնիլՎեր