Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետը եւ նախագահը Անկախութեան տօնի առթիւ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Յարգելի Նիկոլ Վովայի, Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առթիւ: Ռուսաստանի մէջ կը կարեւորեն Հայաստանի հետ բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւնները: Վստահ եմ, որ մեր երկիրներու կառուցողական երկխօսութիւնը, տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման գործընթացներու շրջածիրէն ներս փոխգործակցութիւնն այսուհետեւ եւս պիտի շարունակեն աշխոյժօրէն զարգանալ: Այն, անկասկած, կը համապատասխանէ ռուս եւ հայ ժողովուրդներու շահերուն, կ’ընթանայ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման հունով: Կը
21 Սեպտեմբերի 2020
5 ր. ընթերցում
Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետը եւ նախագահը Անկախութեան տօնի առթիւ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Յարգելի Նիկոլ Վովայի,

Ընդունեցէք անկեղծ շնորհաւորանքներս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առթիւ:

Ռուսաստանի մէջ կը կարեւորեն Հայաստանի հետ բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւնները:

Վստահ եմ, որ մեր երկիրներու կառուցողական երկխօսութիւնը, տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման գործընթացներու շրջածիրէն ներս փոխգործակցութիւնն այսուհետեւ եւս պիտի շարունակեն աշխոյժօրէն զարգանալ: Այն, անկասկած, կը համապատասխանէ ռուս եւ հայ ժողովուրդներու շահերուն, կ’ընթանայ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման հունով:

Կը մաղթեմ Ձեզի, յարգելի Նիկոլ Վովայի, քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն՝ խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն»։

 

ՌԴ նախագահը շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին, որուն մէջ ըսուած է.-

«Յարգելի Արմէն Վարդանի,

Ընդունեցէք ամենաջերմ շնորհաւորանքներս ազգային տօնի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առթիւ:

Մեր երկիրներու յարաբերութիւնները կը հիմնուին բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի աւանդոյթներուն վրայ: Դաշնակցային յարաբերութիւններու, բազմակողմ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը, անկասկած, կը բխի մեր եղբայրական ժողովուրդներու երկարաժամկէտ շահերէն եւ կը նպաստէ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման տարածաշրջանին մէջ:

Անկեղծօրէն կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ Հայաստանի բարեկամ ժողովուրդին՝ բարօրութիւն եւ բարգաւաճում»:

Նախագահ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Սէուտական Արաբիոյ թագաւորն ու թագաժառանգը
Նախորդ նիւթը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանին շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Սէուտական Արաբիոյ թագաւորն ու թագաժառանգը

Ջաւախքը՝ վրացի համաճարակաբաններու ուշադրութեան կեդրոն․ ՀՀ-էն յուղարկավորութեան եկած տղամարդը վարակուած էր COVID 19-ով
Յաջորդ նիւթը

Ջաւախքը՝ վրացի համաճարակաբաններու ուշադրութեան կեդրոն․ ՀՀ-էն յուղարկավորութեան եկած տղամարդը վարակուած էր COVID 19-ով

ԱնցնիլՎեր