Վնասուած է Գորիս-Կապան-Քաջարան մայրուղային կազատարը

Տանձաւեր-Շուռնուխ նոր կառուցուող ճանապարհի 6-րդ քմ-ին շինարարական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ վնասուած է կազատար խողովակը։ Այս մասին հաղորդած է Տարածքային Կառավարման եւ Ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը։ Կ’իրականացուին վերականգնողական աշխատանքներ։ Նշուած է, որ աւելի վաղ «Կազփրոմ Արմենիա» ՓԲԸ-ն տեղեկացուցած էր, որ Ապրիլ 2-ին ճանապարհաշինարարական աշխատանքներու ընթացքին վնասուած է Գորիս-Կապան-Քաջարան մայրուղային կազատարը՝ 13,5 քմ հատուածին։ Վթարի հետեւանքով վերականգնման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով ժամը 11։10-էն դադրեցուած է Սիւնիքի մարզի Գորիս, Կապան քաղաքներու, Գորիսի եւ Կապանի տարածաշրջաններու բնակավայերու, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարումը: 
2 Ապրիլի 2022
2 ր. ընթերցում
Վնասուած է Գորիս-Կապան-Քաջարան մայրուղային կազատարը

Տանձաւեր-Շուռնուխ նոր կառուցուող ճանապարհի 6-րդ քմ-ին շինարարական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ վնասուած է կազատար խողովակը։ Այս մասին հաղորդած է Տարածքային Կառավարման եւ Ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը։

Կ’իրականացուին վերականգնողական աշխատանքներ։

Նշուած է, որ աւելի վաղ «Կազփրոմ Արմենիա» ՓԲԸ-ն տեղեկացուցած էր, որ Ապրիլ 2-ին ճանապարհաշինարարական աշխատանքներու ընթացքին վնասուած է Գորիս-Կապան-Քաջարան մայրուղային կազատարը՝ 13,5 քմ հատուածին։

Վթարի հետեւանքով վերականգնման աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով ժամը 11։10-էն դադրեցուած է Սիւնիքի մարզի Գորիս, Կապան քաղաքներու, Գորիսի եւ Կապանի տարածաշրջաններու բնակավայերու, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան կազամատակարարումը: 

Փառուխի եւ Քարագլուխի մէջ Ատրպէյճան կ՚ոչնչացնէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը
Նախորդ նիւթը

Փառուխի եւ Քարագլուխի մէջ Ատրպէյճան կ՚ոչնչացնէ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը

Անդրանիկ Փիլոյեան այլեւս նախարար չէ
Յաջորդ նիւթը

Անդրանիկ Փիլոյեան այլեւս նախարար չէ

ԱնցնիլՎեր