Վրաստանի նախկին նախագահը ձերբակալուած է. Ան բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած է

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին, որ բերման ենթարկուած էր հայրենիք վերադառնալէն ետք, բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած է:  Սահակաշվիլին իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները կը համարէ քաղաքական դրդապատճառներ պարունակող, իսկ ինքզինք`քաղաքական բանտարկեալ:  Ուրբաթ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին ըսած է, որ Սահակաշվիլին ձերբակալած են հայրենիքին մէջ: Մինչ այդ, նախկին նախագահը ըսած էր, որ մտադիր է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կայանալիք ընտրութիւններուն վերադառնալ հայրենիք: Վրաստանի մէջ ան կը գտնուէր ներքին հետախուզման մեջ, կ’անցնի քանի մը քրէական գործով, եւ իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները բազմիցս յայտարարած են, որ զայն պիտի ձերբակալեն սահմանը հատելուն պէս: Սահակաշվիլին հեռակայ կարգով դատապարտուած է Սանտրօ Կիրկվլիանիի սպանութեան եւ պատգամաւոր Վալերի Կելաշվիլիի ծեծին համար: Առաջին
2 Հոկտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Վրաստանի նախկին նախագահը ձերբակալուած է. Ան բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած է

Վրաստանի նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին, որ բերման ենթարկուած էր հայրենիք վերադառնալէն ետք, բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած է: 

Սահակաշվիլին իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները կը համարէ քաղաքական դրդապատճառներ պարունակող, իսկ ինքզինք`քաղաքական բանտարկեալ: 

Ուրբաթ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին ըսած է, որ Սահակաշվիլին ձերբակալած են հայրենիքին մէջ: Մինչ այդ, նախկին նախագահը ըսած էր, որ մտադիր է տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կայանալիք ընտրութիւններուն վերադառնալ հայրենիք:

Վրաստանի մէջ ան կը գտնուէր ներքին հետախուզման մեջ, կ’անցնի քանի մը քրէական գործով, եւ իշխանութիւններուն ներկայացուցիչները բազմիցս յայտարարած են, որ զայն պիտի ձերբակալեն սահմանը հատելուն պէս: Սահակաշվիլին հեռակայ կարգով դատապարտուած է Սանտրօ Կիրկվլիանիի սպանութեան եւ պատգամաւոր Վալերի Կելաշվիլիի ծեծին համար: Առաջին գործով ան դատապարտուած է երեք տարուան բանտարկութեան, միւսով`վեց: Բացի այդ, Սահակաշվիլին կ’անցնի 7 Նոյեմբեր 2007-ին ընդդիմութեան ցոյցը ցրելու, «Իմետի» հեռուստաընկերութեան ջարդերու եւ պետական պիւտճէէն միջոցներու իւրացման գործերով: Բոլոր դատարանները կը շարունակեն զանոնք քննել:

Կյանքի պուրակ՝ Երևանում․ 30 հեկտար և 14 հազար ծառ
Նախորդ նիւթը

Կյանքի պուրակ՝ Երևանում․ 30 հեկտար և 14 հազար ծառ

Վեց ամսուան մէջ Հայաստան այցելած է մօտ կէս միլիոն զբօսաշրջիկ
Յաջորդ նիւթը

Վեց ամսուան մէջ Հայաստան այցելած է մօտ կէս միլիոն զբօսաշրջիկ

ԱնցնիլՎեր