Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեանը դիմատետրեան իր էջին գրած է․
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Այսօր մենք կը յիշենք մեր զոհուած քաջերը, որոնք պայքարեցան անձնուիրաբար՝ պաշտպանելով Արցախն ու Հայաստանը: Վերջին 55 օրուայ ընթացքին մենք ապրեր ենք պատմութեան մէջ մեր ամենաողբերգական պահերէն մէկը: Ոչ մէկ բառ կրնայ նկարագրել այն վիշտը, որ կայ մեր սրտերուն մէջ: Մենք պէտք է մենք մեզի ապացուցենք, որ պայծառ ապագան, որ մենք կորսնցուցինք՝ յանձինս երիտասարդ մարտիկներու, մեզի պիտի չկոտրէ, այլ պիտի միաւորէ: Տառապանքները յոյսի պիտի վերածուին, եւ մենք նորէն ոտքի կը կանգնինք: Մենք սորվեր ենք, որ մեզի այլ բան չի մնար, քան պատրաստ ըլլալ կռուելու: Նժդեհն ու Անդրանիկը կռուեր են, քանի որ վստահ էին, որ փանթուրքական գաղափարախօսութիւնը չի հանգստանար եւ կ’օգտագործէ ահաբեկչութեան բոլոր միջոցները մեզմէ ազատելու համար: Եկէք աւելի ուժեղ ըլլանք, քան երբեւէ, եւ ինչպէս պապս կ’ըսէր՝ ուղղակի ամպ է, այն կ’անցնի ու կրկին արեւը կը տեսնենք: Փա՛ռք մեր հերոսներուն, թող հանգստութիւն իջնէ անոնց հոգիներուն»,- գրած է ան: