Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունենալու մէջ կասկածուող Ահմետ Իսքենտերը արտայանձնուած է Թուրքիա

Պոլսահայ լրագրող, մտաւորական, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան աջակցելու համար 2007 թուականին կալանաւորուած, 2013-ին 12 տարի եւ 6 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած եւ փախուստի մէջ գտնուող Ահմետ Իսքենտերը արտայանձնուած է Թուրքիա: «Ակօս»-ի հաղորդմամբ, Թրքական Ազգային Անվտանգութեան եւ Միջազգային Հետախուզական Ծառայութիւններու համատեղ ուժերով Իսքենտերը մէկ ամիս առաջ յայտնաբերուած էր Ղրղզստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ ու ձերբակալուած էր ղրղզական իրաւապահներու կողմէ: Անոր մօտ յայտնաբերուած է եղբօր անունով անձնագիրը` փոխուած լուսանկարով: Կիրակի օր Ահմետ Իսքենտերը բերուած է Թուրքիա եւ ուղարկուած է կալանավայր: 2007 թուականի Յունուար 19-ին Հրանդ Տինքը սպաննուած էր «Ակօս»ի խմբագրութեան դիմաց, 17-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցներէն: Հակառակ անոր, որ սպանութեան
29 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
Տինքի սպանութեան հետ առնչութիւն ունենալու մէջ կասկածուող Ահմետ Իսքենտերը արտայանձնուած է Թուրքիա

Պոլսահայ լրագրող, մտաւորական, «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան աջակցելու համար 2007 թուականին կալանաւորուած, 2013-ին 12 տարի եւ 6 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած եւ փախուստի մէջ գտնուող Ահմետ Իսքենտերը արտայանձնուած է Թուրքիա:

«Ակօս»-ի հաղորդմամբ, Թրքական Ազգային Անվտանգութեան եւ Միջազգային Հետախուզական Ծառայութիւններու համատեղ ուժերով Իսքենտերը մէկ ամիս առաջ յայտնաբերուած էր Ղրղզստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ ու ձերբակալուած էր ղրղզական իրաւապահներու կողմէ: Անոր մօտ յայտնաբերուած է եղբօր անունով անձնագիրը` փոխուած լուսանկարով: Կիրակի օր Ահմետ Իսքենտերը բերուած է Թուրքիա եւ ուղարկուած է կալանավայր:

2007 թուականի Յունուար 19-ին Հրանդ Տինքը սպաննուած էր «Ակօս»ի խմբագրութեան դիմաց, 17-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցներէն: Հակառակ անոր, որ սպանութեան գործով շարք մը դատապարտուածներ կան, բայց Տինքին ընտանիքը այսօր ալ կը պնդէ, որ իրական մեղաւորները բացայայտուած չեն:

Ուաշինկթըն սադրիչ եւ անպատասխանատու կ'որակէ Ատրպէյճանի քայլերը
Նախորդ նիւթը

Ուաշինկթըն սադրիչ եւ անպատասխանատու կ’որակէ Ատրպէյճանի քայլերը

Արարատի մարզի Վետի համայնքին աւագանիի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներով` 56.2 տոկոսով յաղթած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը
Յաջորդ նիւթը

Արարատի մարզի Վետի համայնքին աւագանիի ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներով` 56.2 տոկոսով յաղթած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը

ԱնցնիլՎեր