Տնտեսական դրական ցուցանիշներ Հայաստանի համար

Կ’ակնկալուի, որ 2019 թուականին Հայաստանի մէջ տնտեսական աճը կրնայ գերազանցել 7%-ը։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։ Անոր խօսքով՝ ՀՀ կառավարութիւնը յայտարարած է բարձր տնտեսական աճի ձգտելու եւ անոր համար անհրաժեշտ պայմաններ ապահովելու քաղաքականութիւն։ «Միջին ժամկէտում մենք կարծում ենք, որ Հայաստանը պէտք է ձգտի ունենալ երկնիշ տնտեսական աճ: Կարճաժամկէտ  հեռանկարում անհրաժեշտ է ապահովել 7-8% ցուցանիշ»,- նշած է նախարարը։  Միաժամանակ Տիգրան Խաչատրեանը ըսած է, որ որպէս նախապայման՝ կայուն տնտեսական աճ ապահովելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել բաւարար ներդրումային մակարդակ։  Նախարարը նշած է, որ այսօր մեծ ներդրումներ կ’ըլլան վերականգնուող ուժանիւթի, շինարարութեան, վերամշակող արդիւնաբերութեան, գինեգործութեան, ոսկեգործութեան ոլորտներուն
5 Հոկտեմբերի 2019
2 ր. ընթերցում
Տնտեսական դրական ցուցանիշներ Հայաստանի համար

Կ’ակնկալուի, որ 2019 թուականին Հայաստանի մէջ տնտեսական աճը կրնայ գերազանցել 7%-ը։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։

Անոր խօսքով՝ ՀՀ կառավարութիւնը յայտարարած է բարձր տնտեսական աճի ձգտելու եւ անոր համար անհրաժեշտ պայմաններ ապահովելու քաղաքականութիւն։ «Միջին ժամկէտում մենք կարծում ենք, որ Հայաստանը պէտք է ձգտի ունենալ երկնիշ տնտեսական աճ: Կարճաժամկէտ  հեռանկարում անհրաժեշտ է ապահովել 7-8% ցուցանիշ»,- նշած է նախարարը։ 

Միաժամանակ Տիգրան Խաչատրեանը ըսած է, որ որպէս նախապայման՝ կայուն տնտեսական աճ ապահովելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել բաւարար ներդրումային մակարդակ։ 

Նախարարը նշած է, որ այսօր մեծ ներդրումներ կ’ըլլան վերականգնուող ուժանիւթի, շինարարութեան, վերամշակող արդիւնաբերութեան, գինեգործութեան, ոսկեգործութեան ոլորտներուն մէջ:

Պոլսոյ Պատրիարքարանը պիտի չբողոքէ. Պատրիարքի ընտրութիւնը մօտալուտ
Նախորդ նիւթը

Պոլսոյ Պատրիարքարանը պիտի չբողոքէ. Պատրիարքի ընտրութիւնը մօտալուտ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս  Ժընեւի մէջ հանդիպած է  նախագահ Արմէն Սարգսեանին
Յաջորդ նիւթը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի մէջ հանդիպած է նախագահ Արմէն Սարգսեանին

ԱնցնիլՎեր