Տօնոյեան պիտի մնայ կալանքի տակ

Հակակոռուպցիոն  (կաշառակերութեան դէմ-Խմբ.) դատարանը այսօր՝ 29 դեկտեմբերին, մերժած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ազատ արձակելու մասին պաշտպաններու միջնորդութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Տօնոյեանի պաշտպան Սերկէյ Յովհաննիսեանը։ Ան յայտնած է, որ իրենք կրկին նախկին նախարարը 35 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էին։ Սերկէյ Յովհաննիսեանն ըսած է, որ գրաւ դրուած էր Տօնոյեանի բնակարանը։ Պաշտպանը նշած է, որ դատարանի որոշման դէմ կը պատրաստուին բողոք ներկայացնել։ Յիշեցնենք, որ Դաւիթ Տօնոյեանը կ’անցնի ռազմամթերքի մատակարարման չարաշահումներու գործով։  Նշենք, որ դատարանի որոշմամբ Դաւիթ Տօնոյեանը կալանքի տակ է նախորդ տարուան 30 սեպտեմբերէն։
29 Դեկտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Տօնոյեան պիտի մնայ կալանքի տակ

Հակակոռուպցիոն  (կաշառակերութեան դէմ-Խմբ.) դատարանը այսօր՝ 29 դեկտեմբերին, մերժած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ազատ արձակելու մասին պաշտպաններու միջնորդութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Տօնոյեանի պաշտպան Սերկէյ Յովհաննիսեանը։

Ան յայտնած է, որ իրենք կրկին նախկին նախարարը 35 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ արձակելու միջնորդութիւն ներկայացուցած էին։

Սերկէյ Յովհաննիսեանն ըսած է, որ գրաւ դրուած էր Տօնոյեանի բնակարանը։

Պաշտպանը նշած է, որ դատարանի որոշման դէմ կը պատրաստուին բողոք ներկայացնել։

Յիշեցնենք, որ Դաւիթ Տօնոյեանը կ’անցնի ռազմամթերքի մատակարարման չարաշահումներու գործով։ 

Նշենք, որ դատարանի որոշմամբ Դաւիթ Տօնոյեանը կալանքի տակ է նախորդ տարուան 30 սեպտեմբերէն։

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը բանակցութիւններ կը վարէ Իսրայէլի մէջ
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը բանակցութիւններ կը վարէ Իսրայէլի մէջ

Երաշխաւորել Արցախի հայերու անվտանգութիւնը. Ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու կոչը՝ Մաքրոնին
Յաջորդ նիւթը

Երաշխաւորել Արցախի հայերու անվտանգութիւնը. Ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու կոչը՝ Մաքրոնին

ԱնցնիլՎեր