Ցաւակցագիր. Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Կուսակցութեան Հայ Դատի Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Արա Ահարոնեանի: Ընկեր Արա Ահարոնեանի մահով, հայ ազգը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կորսնցուցին մեր Դատին համար պայքարող համեստ եւ լայնախոհ երախտաւոր մը, որ շատ բան տուած էր ազգին եւ Կուսակցութեան իր ժամանակէն եւ ճիգէն: Ընկեր Ահարոնեանի տարած աշխատանքը մենք պէտք է շարունակենք, որովհետեւ այն գործը որ շարունակող ունի, այդ գործը անպայման կը յաջողի: Այս տխուր առիթով, Լիբանանի մէջ Կուսակցութեան շրջանակին անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու գաղափարի ընկերներուն: Աստուած հոգին լուսաւորէ
6 Մայիսի 2021
3 ր. ընթերցում
Ցաւակցագիր. Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը սրտի խոր ցաւով իմացաւ մահուան գոյժը Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Կուսակցութեան Հայ Դատի Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Արա Ահարոնեանի:

Ընկեր Արա Ահարոնեանի մահով, հայ ազգը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կորսնցուցին մեր Դատին համար պայքարող համեստ եւ լայնախոհ երախտաւոր մը, որ շատ բան տուած էր ազգին եւ Կուսակցութեան իր ժամանակէն եւ ճիգէն: Ընկեր Ահարոնեանի տարած աշխատանքը մենք պէտք է շարունակենք, որովհետեւ այն գործը որ շարունակող ունի, այդ գործը անպայման կը յաջողի: Այս տխուր առիթով, Լիբանանի մէջ Կուսակցութեան շրջանակին անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ ընկերոջ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու գաղափարի ընկերներուն: Աստուած հոգին լուսաւորէ մեր ազնիւ ընկերոջ:

Ի Դիմաց՝

Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

Ատենադպիր                                                                        Ատենապետ

Վ.Թոսունեան                                                           Տոքթ.Ա.Տագէսեան

Փութինն ու Էրտողանը քննարկած են իրավիճակի կարգաւորումը Սուրիոյ մէջ
Նախորդ նիւթը

Փութինն ու Էրտողանը քննարկած են իրավիճակի կարգաւորումը Սուրիոյ մէջ

Պէտք է վերականգնել խաղաղ գործընթացը՝ ԼՂ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման հասնելու նպատակով. Փաշինեանը՝ Լաւրովին
Յաջորդ նիւթը

Պէտք է վերականգնել խաղաղ գործընթացը՝ ԼՂ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման հասնելու նպատակով. Փաշինեանը՝ Լաւրովին

ԱնցնիլՎեր