Փակուած ճանապարհին պատճառով.Արցախի մէջ կարգ մը հիւանդներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ

Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ գտնուող շարք մը հիւանդներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ, քանի որ անոնց չեն կրնար տեղափոխել Հայաստանի բուժկեդրոններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնի տնօրէն Մհեր Մուսայէլեան։ «Մի շարք բուժառուներ գտնւում են ծայրայեղ ծանր եւ ծանր վիճակում: Ցուցուած է նրանց բուժումը եւ հետազօտութիւնները շարունակել Երեւանում: Շրջափակման հետեւանքով նրանց տեղափոխումը Հայաստանի քաղաքային հիւանդանոցներ դարձել է անհնար»,– յայտնած է ան։ Ան ներկայացուցած է քանի մը բուժառուի անուններ ու առողջական վիճակ, որոնց տեղափոխումը Հայաստանի հիւանդանոցներ խիստ անհրաժեշտ է։ Նշենք, որ երէկ առաւօտէն խումբ մը ատրպէյճանցի «բնապահպաններ» փակած են Լաչինի միջանցքը, որու հետեւանքով կտրուած է կապը Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ։
13 Դեկտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Փակուած ճանապարհին պատճառով.Արցախի մէջ կարգ մը հիւանդներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ

Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ գտնուող շարք մը հիւանդներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ, քանի որ անոնց չեն կրնար տեղափոխել Հայաստանի բուժկեդրոններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնի տնօրէն Մհեր Մուսայէլեան։

«Մի շարք բուժառուներ գտնւում են ծայրայեղ ծանր եւ ծանր վիճակում: Ցուցուած է նրանց բուժումը եւ հետազօտութիւնները շարունակել Երեւանում: Շրջափակման հետեւանքով նրանց տեղափոխումը Հայաստանի քաղաքային հիւանդանոցներ դարձել է անհնար»,– յայտնած է ան։

Ան ներկայացուցած է քանի մը բուժառուի անուններ ու առողջական վիճակ, որոնց տեղափոխումը Հայաստանի հիւանդանոցներ խիստ անհրաժեշտ է։

Նշենք, որ երէկ առաւօտէն խումբ մը ատրպէյճանցի «բնապահպաններ» փակած են Լաչինի միջանցքը, որու հետեւանքով կտրուած է կապը Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ։

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշած է դիմել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան
Նախորդ նիւթը

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշած է դիմել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան

ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին քննարկուած է Լաչինի միջանցքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը
Յաջորդ նիւթը

ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին քննարկուած է Լաչինի միջանցքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

ԱնցնիլՎեր