Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշած է դիմել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ 13 դեկտեմբերին հրաւիրուած է ԱՀ անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որու ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը արտաքին աշխարհի հետ կապող միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը: Այս մասին յայտնած են ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն: Ընդգծուած է, որ միջանցքի անխափան գործունէութիւնը երաշխաւորուած է 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ, որու դրոյթները հերթական անգամ կը խախտէ ատրպէյճանական կողմը: Անվտանգութեան խորհուրդը որոշած է համապատասխան նամակով դիմել Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան՝ անընդունելի համարելով միջանցքի փակումը, որ կը յանգեցնէ Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտի: Նախագահը շեշտած է, որ ԱՀ իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկեն բոլոր
13 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշած է դիմել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ 13 դեկտեմբերին հրաւիրուած է ԱՀ անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որու ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը արտաքին աշխարհի հետ կապող միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը:

Այս մասին յայտնած են ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Ընդգծուած է, որ միջանցքի անխափան գործունէութիւնը երաշխաւորուած է 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ, որու դրոյթները հերթական անգամ կը խախտէ ատրպէյճանական կողմը:

Անվտանգութեան խորհուրդը որոշած է համապատասխան նամակով դիմել Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան՝ անընդունելի համարելով միջանցքի փակումը, որ կը յանգեցնէ Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտի:

Նախագահը շեշտած է, որ ԱՀ իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկեն բոլոր հնարաւոր միջոցները բնակչութեան անվտանգութեան եւ կենսաապահովման խնդիրները լուծելու համար:

Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին դեռ երկկողմանի փակ է
Նախորդ նիւթը

Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին դեռ երկկողմանի փակ է

Փակուած ճանապարհին պատճառով.Արցախի մէջ կարգ մը հիւանդներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ
Յաջորդ նիւթը

Փակուած ճանապարհին պատճառով.Արցախի մէջ կարգ մը հիւանդներու կեանքին վտանգ կը սպառնայ

ԱնցնիլՎեր