Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին դեռ երկկողմանի փակ է

Ատրպէյճանական հերթական սադրանքի հետեւանքով մէկ օր շարունակ փաստացի շրջափակման մէջ է  Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ոտնահարուած են հազարաւոր քաղաքացիներու իրաւունքները։ Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, Հայաստանէն Արցախ եկող քաղաքացիները գիշերած են Գորիս, մէկ մասը`այդ շարքին կանայք ու երեխաներ, Շուշիի շրջանի Լիսագոր համայնքին մէջ։  Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերին ժամը 10։30-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական կողմը խախտելով 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագրի դրոյթները, բնապահպանական պատճառաբանութիւններով փակած է Արցախն աշխարհին կապող կեանքի միակ ճանապարհը, ոտնահարելով քաղաքացիական բնակչութեան կենսական շահերն ու իրաւունքները: Ընդհատուած է Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Մեծ շէն, Հին շէն եւ Եղցահող գիւղերու փոխադրային կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ։ Իրավիճակի զարգացումներու վերաբերեալ Ներքին գործոց նախարարութիւնը պիտի տրամադրէ լրացուցիչ
13 Դեկտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
Ստեփանակերտ-Գորիս միջպետական մայրուղին դեռ երկկողմանի փակ է

Ատրպէյճանական հերթական սադրանքի հետեւանքով մէկ օր շարունակ փաստացի շրջափակման մէջ է  Արցախի Հանրապետութիւնը եւ ոտնահարուած են հազարաւոր քաղաքացիներու իրաւունքները։

Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած, Հայաստանէն Արցախ եկող քաղաքացիները գիշերած են Գորիս, մէկ մասը`այդ շարքին կանայք ու երեխաներ, Շուշիի շրջանի Լիսագոր համայնքին մէջ։ 

Յիշեցնենք, որ 12 դեկտեմբերին ժամը 10։30-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական կողմը խախտելով 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ համաձայնագրի դրոյթները, բնապահպանական պատճառաբանութիւններով փակած է Արցախն աշխարհին կապող կեանքի միակ ճանապարհը, ոտնահարելով քաղաքացիական բնակչութեան կենսական շահերն ու իրաւունքները: Ընդհատուած է Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Մեծ շէն, Հին շէն եւ Եղցահող գիւղերու փոխադրային կապը մայրաքաղաք Ստեփանակերտի հետ։

Իրավիճակի զարգացումներու վերաբերեալ Ներքին գործոց նախարարութիւնը պիտի տրամադրէ լրացուցիչ տեղեկութիւն։ 

Լուսանկարը` Լիսագորէն

ՄԱՀԱԶԴ. Ընկ. Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեան
Նախորդ նիւթը

ՄԱՀԱԶԴ. Ընկ. Տոքթ. Արթին (Արթօ) Փոլատեան

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշած է դիմել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան
Յաջորդ նիւթը

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշած է դիմել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան

ԱնցնիլՎեր