Փամբուխչեանը փոխարինող «Իմ քայլ»ի 30-ամեայ նոր պատգամաւոր Գոռ Երանեանը պատմաբան է

Նախկին պատգամաւոր Արմէն Փամբուխչեանին յաջորդող թեկնածուն` Գոռ Երանեանը պիտի ստանձնէ մանտաթը: Այս մասին ան ըսած է NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ: «Մասնագիտութիւնս ու լեզուներու իմացութիւնս կ’ենթադրէ, որ ուշադրութեան կեդրոնս ըլլան տարածաշրջանային խնդիրները»,- ըսած է ան News.am-ին:  Գոռ Երանեանը 30 տարեկան է, ծնունդով Արարատի մարզի Դարակերտ գիւղէն է, անկուսակցական է: Գոռ Երանեանը պատմաբան է, սորված է ԵՊՀ Պատմութեան բաժնէն ներս, ասփիրանթական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկէն ներս: Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող է, կ’աշխատի նաեւ Մաշտոցեան Մատենադարանի ու «ՍիւիլՆեթ»ի մէջ։ 2017-2020 թուականներուն դասաւանդած է ԵՊՀ Պատմութեան բաժնէն ներս։ Յիշեցնենք, որ Արմէն Փամբուխչեանը պատգամաւորական մանթատէն զրկուած է` իր դիմումին համաձայն: Ան պիտի տեղափոխուի գործադիր՝ զբաղցնելով
25 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Փամբուխչեանը փոխարինող «Իմ քայլ»ի 30-ամեայ նոր պատգամաւոր Գոռ Երանեանը պատմաբան է

Նախկին պատգամաւոր Արմէն Փամբուխչեանին յաջորդող թեկնածուն` Գոռ Երանեանը պիտի ստանձնէ մանտաթը: Այս մասին ան ըսած է NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ:

«Մասնագիտութիւնս ու լեզուներու իմացութիւնս կ’ենթադրէ, որ ուշադրութեան կեդրոնս ըլլան տարածաշրջանային խնդիրները»,- ըսած է ան News.am-ին: 

Գոռ Երանեանը 30 տարեկան է, ծնունդով Արարատի մարզի Դարակերտ գիւղէն է, անկուսակցական է:

Գոռ Երանեանը պատմաբան է, սորված է ԵՊՀ Պատմութեան բաժնէն ներս, ասփիրանթական ատենախօսութիւնը պաշտպանած է ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկէն ներս:

Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող է, կ’աշխատի նաեւ Մաշտոցեան Մատենադարանի ու «ՍիւիլՆեթ»ի մէջ։

2017-2020 թուականներուն դասաւանդած է ԵՊՀ Պատմութեան բաժնէն ներս։

Յիշեցնենք, որ Արմէն Փամբուխչեանը պատգամաւորական մանթատէն զրկուած է` իր դիմումին համաձայն: Ան պիտի տեղափոխուի գործադիր՝ զբաղցնելով ԱԻ փոխնախարարի պաշտօնը:

ՍԴ նախագահի միակ թեկնածուն Խունդկարեանն է. Աշոտ Խաչատրեանը ինքնաբացարկ յայտնած է
Նախորդ նիւթը

ՍԴ նախագահի միակ թեկնածուն Խունդկարեանն է. Աշոտ Խաչատրեանը ինքնաբացարկ յայտնած է

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 48 643-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 48 643-ի

ԱնցնիլՎեր