Փայլան Մեճլիսի օրակարգ բերած է Վանի հայկական վանական համալիրի պահպանման հարցը

Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան մեճլիս օրակարգ բերած է Վանի հայկական վանական համալիրի պահպանման հարցը: Ան նշած է, որ Վանի Կիւլփընար շրջանի Աքպոյու թաղամասը գտնուող 16-րդ դարուն պատկանող Սուրբ Մարինոս վանքը գանձախոյզներու կողմէն տարիներ շարունակ աւերուած է ու անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի: Փայլանը հարցադիմում ուղղած է Զբօսաշրջութեան նախարար՝ Մեհմետ Նուրի Էրսոյին՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով, որ Վանի շրջակայքի պատմամշակութային կառոյցները մեծապէս տուժած են գանձախուզական աշխատանքներու եւ իշխանութիւններու անգործութեան հետեւանքով: Հայազգի պատգամաւորը թուրք նախարարէն պատասխան ակնկալած է, թէ արդեօ՞ք օրինական գործընթաց սկսած է, գանձեր գտնելու նպատակով Սուրբ Մարինոս վանքին եւ շրջակայքին մէջ փորուածքներ ընող անձերու յայտնաբերման համար: Փայլանը
29 Հունիսի 2020
4 ր. ընթերցում
Փայլան Մեճլիսի օրակարգ բերած է Վանի հայկական վանական համալիրի պահպանման հարցը

Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան մեճլիս օրակարգ բերած է Վանի հայկական վանական համալիրի պահպանման հարցը: Ան նշած է, որ Վանի Կիւլփընար շրջանի Աքպոյու թաղամասը գտնուող 16-րդ դարուն պատկանող Սուրբ Մարինոս վանքը գանձախոյզներու կողմէն տարիներ շարունակ աւերուած է ու անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի:

Փայլանը հարցադիմում ուղղած է Զբօսաշրջութեան նախարար՝ Մեհմետ Նուրի Էրսոյին՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով, որ Վանի շրջակայքի պատմամշակութային կառոյցները մեծապէս տուժած են գանձախուզական աշխատանքներու եւ իշխանութիւններու անգործութեան հետեւանքով: Հայազգի պատգամաւորը թուրք նախարարէն պատասխան ակնկալած է, թէ արդեօ՞ք օրինական գործընթաց սկսած է, գանձեր գտնելու նպատակով Սուրբ Մարինոս վանքին եւ շրջակայքին մէջ փորուածքներ ընող անձերու յայտնաբերման համար: Փայլանը հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ նախարարութիւնը չի զբաղիր Վանի եւ մերձակայքի մէջ քրիստոնեաներուն պատկանող պատմական կառոյցներու պահպանութեամբ:

«Արդեօ՞ք Սուրբ Մարինոս վանքի վերականգնումին համար աշխատանք պիտի տարուի: Արդեօ՞ք կատարուած է Վան նահանգին մէջ հայերուն կառուցած վանքերու, եկեղեցիներու եւ մշակութային կոթողներու գոյքագրում: Հայերուն պատկանող մշակութային հետքերու վերացումը ցայսօր պետական քաղաքականութիւն եղած է: Արդեօ՞ք մտադիր էք փոխելու այդ մօտեցումը», — ըսուած է Փայլանի հայցադիմումին մէջ: 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 25 127-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 25 127-ի

Ժաննա Բարսեղեանն ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ
Յաջորդ նիւթը

Ժաննա Բարսեղեանն ընտրուած է Սթրազպուրկի քաղաքապետ

ԱնցնիլՎեր