Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ: Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ ՀՀ վարչապետը եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը քննարկած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են աւելի զարգացնել ՀՀ-ԵՄ յետագայ համագործակցութիւնը, այդ շարքին՝ առեւտրատնտեսական կապերը: Քննարկման առանցքը եղած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահն ընդգծած է, որ կը կարեւորէ Հայաստանի ընտրած բարեփոխումներու ճանապարհը: Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը եւ Շառլ Միշելը միտքեր փոխանակած են Յունիս ամսուն Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան առաջիկայ գագաթնաժողովէն իրենց սպասելիքներուն շուրջ: Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ:  
4 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ:

Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ ՀՀ վարչապետը եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը քննարկած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են աւելի զարգացնել ՀՀ-ԵՄ յետագայ համագործակցութիւնը, այդ շարքին՝ առեւտրատնտեսական կապերը:

Քննարկման առանցքը եղած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահն ընդգծած է, որ կը կարեւորէ Հայաստանի ընտրած բարեփոխումներու ճանապարհը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը եւ Շառլ Միշելը միտքեր փոխանակած են Յունիս ամսուն Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան առաջիկայ գագաթնաժողովէն իրենց սպասելիքներուն շուրջ:

Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ:

 

Ըստ Հայաստանի փոխվարչապետին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը նոր մրցանիշ հաստատած է
Նախորդ նիւթը

Ըստ Հայաստանի փոխվարչապետին Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու թիւը նոր մրցանիշ հաստատած է

Բոլորով պիտի աշխատինք, որ 2020ին 8-9 տոկոս տնտեսական աճ ապահովենք. Փաշինեան
Յաջորդ նիւթը

Բոլորով պիտի աշխատինք, որ 2020ին 8-9 տոկոս տնտեսական աճ ապահովենք. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր